ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Դեկտեմբեր 14ին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երկրորդ յայտարարութիւն մը տարածած է սահմանադրական հանրաքուէին մասին։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «ԱՄՆ դեսպանութիւնը կը շարունակէ հետեւիլ Դեկտեմբեր 6ի հանրաքուէին հետ կապուած քուէներու վերահաշուարկի ընթացքին: Աւելի կանուխ, մենք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էինք հանրաքուէին ընթացքին տեղ գտած խախտումներուն մասին, որոնց վերաբերեալ արժանահաւատ հաղորդումներ կը հնչէին ոչ-կուսակցական դիտորդներու եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ: Մենք կ՛ողջունենք ՀՀ կառավարութեան պաշտօնեաներու, մասնաւորապէս՝ գլխաւոր դատախազին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հրապարակային յանձնառութիւնը՝ լիարժէք քննութիւններ ապահովելու վերաբերեալ: Մենք կը վերահաստատենք, թէ խախտումներու պատասխանատուներուն նկատմամբ քննութիւններն ու դատական կարգով հետապնդումները պէտք է ըլլան թափանցիկ ու հրապարակային, որպէսզի ՀՀ ժողովուրդը վստահութիւն ունենայ ընտրական գործընթացի անաչառութեան վերաբերեալ: Լիարժէք ու թափանցիկ քննութիւնները եւ անոնց արդիւնքներուն մասին հրապարակումները՝ նոյնիսկ եթէ այդ քննութիւններուն արդիւնքով քրէական գործեր չեն յարուցուիր, կրնան օգնել Ընտրական յանձնաժողովին, Ազգային ժողովին եւ քաղաքացիական հասարակութեան, որ երեւան հանեն ընթացիկ ընտրական գործընթացներուն այն ոլորտները, որոնք բարելաւման կարիքն ունին: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգները աշխարհով մէկ կը պայքարի փտածութեան դէմ, Դեկտեմբեր 6ի հանրաքուէի անաչառ կայացման ուղղակիօրէն միջամտած անձերուն մասին հրապարակումներուն մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները կրնան նաեւ կիրառուիլ ԱՄՆ դեսպանատան կողմէ՝ դեսպանութեան ծրագիրներու ու միջոցառումներու մասնակիցներուն ներգրաւումը դիտարկելու ժամանակ: Յառաջիկայի առումով, մենք կը վերահաստատենք մեր կոչը՝ ՀՀ կառավարութեան ու խորհրդարանին ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ առաջարկներուն համահունչ՝ նոր ընտրական օրէնսգիրք մը ընդունելու մասին, եւ կը յորդորենք նոր օրէնսդրական բարեփոխումները իրականացնել՝ համաձայն միջազգային չափանիշներու, բարձրացնելու համար ընտրական գործընթացներու անաչառութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ»: