Շաբաթ, 5 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125ամեակի նշումը:
Սոյն յոբելենական ձեռնարկին դաշնակցական ընտանիքի կողքին ներկայ էին համակիրներու հոծ բազմութիւն մը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցական դասը։
Հայաստանի օրհներգի եւ ՀՅԴ քայլերգի կատարումներէն ետք, «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան եւ ՀՅԴ 125ամեակի յանձնախումբին անունով երեկոն պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Նազարէթ Մարգարեան: Ան ողջունեց ներկաները սոյն յոբելենական ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերելնուն առիթով եւ ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր երդուեալ դաշնակցական նահատակներուն՝ անցնող 125 տարիներուն ընթացքին:
Այնուհետեւ օրուան խորհուրդին մասին յաւուր պատշաճի պաշտօնական խօսք փոխանցեց Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական, որ նախանձախնդրութեամբ ընդգծեց ՀՅԴ գործունէութեան 125ամեայ վաստակն ու ներդրումը՝ Հայաստանին, հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս ապակեդրոնացեալ դրութեամբ իր 125 տարիներու ներկայութեան։
Օրուան երկրորդ խօսնակը՝ Հալէպէն հիւրաբար շրջանը այցելող Սուրիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտի անդամ Ներսէս Սարգիսեանն էր: Ան, առաջին հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան այս գեղեցիկ առիթը ստեղծելուն համար:
Ապա ան ամփոփ եւ շատ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող եւ յատկապէս Հալէպի, Քեսապի, Դամասկոսի եւ Տէր Զօրի մէջ եւ այլուր հայութեան այսօրուան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ սուրիահայութիւնը որպէս խորհրդանիշը հայութեան, երբեք չթուլացաւ եւ ցայսօր կը շարունակէ իր գաղութային ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւններն ու կեանքը՝ միութենական, դպրոցական, եկեղեցական եւ այլ ընկերային բնագաւառներէ ներս:
Ներսէս Սարգիսեան՝ մատնանշելով այսօրուան Սուրիոյ իրականութեան մէջ կեանքի ու մահուան պայքարը, շեշտեց, որ ինքնանպատակ չէ սուրիահայութեան պայքարը:
«Ներկայ իրավիճակը, միջազգային հանրութեան նաեւ մտահոգութեան առանցքը կը կազմէ: Անիկա շատ խոր իմաստ ունի ու կը վերաբերի ամբողջական հայութեան եւ ոչ թէ միայն սուրիահայութեան: Այսօր մեր թշնամին շատ յստակ է, որ կ՛ուզէ Ցեղասպանութենէն վերապրող այդ գաղութը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջէն ջնջել: Այլապէս շատ դիւրին կ՛ըլլար գաղութը տեղափոխել ուրիշ երկնակամարի տակ, եթէ ինքնանպատակ ըլլար», ըսաւ Սարգիսեան եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ՀՅԴի կողմէ առաջին օրէն իսկ ստեղծուած Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին տարած կամաւոր աշխատանքին մասին:
Աւարտին Ներսէս Սարգիսեան ներկաներուն վստահեցուց, թէ այս մարմինին թափանցիկ եւ ամէնէն բծախնդիր ձեւով գործելուն մասին: Ան հիմնականին մէջ երեք դժուարութիւններու մասին խօսեցաւ. առաջին՝ հայերու ապահովական խնդիրներուն, երկրորդ՝ կենցաղային տագնապի մասին, ինչպէս՝ ըմպելի ջուրի, հացի եւ սնունդի, երրորդ՝ տնտեսական դժուարութեան մասին: Եւ այս դժուարութիւնները նշելով, ան յայտնեց, թէ Շտապ օգնութեան մարմինն է, որ կը հոգայ եւ նեցուկ կը կանգնի ժողովուրդին, գործակցութեամբ ՀՕՄին, ՀԲԸՄին, Հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ յարանուանութեանց, երեք աւանդական կուսակցութիւններուն եւ բոլոր ուղեկից միութիւններուն:
«Համայնքի գործունէութիւնը կը շարունակուի խանդավառ եւ յանձնառութեամբ:
Սուրիոյ մէջ մնացող հայերուն թեւ եւ թիկունք ենք: Կը քաջալերենք Հայաստան տեղափոխուող հայութեան ծրագիրը: Վերջ ի վերջոյ նաեւ կապի մէջ ենք գաղութներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի տեղական հայ իրականութեան մէջ ներառեն նոր գաղթած հայերը, որպէսզի չհեռանան իրենց ինքնութենէն», ըսաւ Սարգիսեան եւ իր խօսքի աւարտին։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ֆիլատելֆիայէն ժամանած «Արցախ» նուագախումբն ու երգիչ Անդրանիկ Վարդանեանը, որպէսզի հայրենասիրական, ազգային, յեղափոխական եւ ազգագրական երգերուն ընդմէջէն խանդավառեն ներկաները:
Յայտագիրի ընթացքին նաեւ ՀՅԴ 125ամեակը խորհրդանշող կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ, ձեռամբ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշականի եւ ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ներսէս Սարգիսեանի: