ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Նիւ Եորք հաստատուած արուեստաբան, հեղինակ եւ դասախօս Նիրի Մելքոնեան Նոյեմբեր 18ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տուած է դասախօսութիւն մը՝ հայկական արդի արուեստին նուիրուած, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս այս տարուան ընթացքին Սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցած նորարարական ցուցահանդէսները։
«Ի՞նչ կու գայ ուրացումէն ետք» խորագրուած դասախօսութիւնը վերջինն էր համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպած աշնանային դասախօսութեանց շարքին, որ կը վայելէր «Փիթըրզ» հիմնարկի հովանաւորութիւնը։
Քննարկուած ցուցահանդէսներու շարքին էր Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ կայացած «Կեանք. 100» ցուցահանդէսը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.