ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի Քալիֆորնիոյ Մելգոնեան սանուց միութեան եւ Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներու միութեան համատեղ ջանքերով, Կիրակի, Յունուար 17ին տեղի պիտի ունենայ բարերար եղբայրներ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեաններու նուիրուած ձեռնարկներ։
Բոլոր մելգոնեանցիները հրաւիրուած են ներկայ գտնուելու Կիպրոսի իրենց վարժարանին՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադիրներուն հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107), յաւարտ Ս. պատարագի։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ պիտի սպասարկուի հոգեճաշ, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել Գէորգ Յակոբեանին՝ (818) 765-0286 թիւով կամ՝
melkoniantsi@aol.com հասցէով։