ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ա. Թամանեանի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուած է «Ալեքսանտր Թամանեանի նամականին» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որուն նպատակն է հանրութեան ներկայացնել հայ նոր ճարտարապետութեան հիմնադիր ճարտարապետին անձնական արխիւին մէջ պահպանուած նամակներն ու բացիկները։
Ներկայացուած բացառիկ ցուցանմոյշները կը բացայայտեն մեծանուն ճարտարապետը՝ որպէս ճարտարապետ, ընտանիքի հայր եւ ընկեր:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ ամիս եւ այցելուներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մօտէն ծանօթանալու 20րդ դարասկիզբին ապրած մեծ հայուն՝ Ալեքսանտր Թամանեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.