ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 17էն 20 Դեկտեմբեր, Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան ընդհանուր սեմինարը՝ նուիրուած գաղթականներու տագնապին:
Սեմինարին կը մասնակցէին մօտաւորապէս 70 հոգի, տարբեր երկիրներէ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը սեմինարին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով, յանձին Կարապետ Շատոյեանի:
Հրաւիրուած էին Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց դասախօսութիւններուն մէջ անդրադարձան Եւրոպական Միութեան կեցուածքին գաղթականներու հարցին վերաբերեալ եւ վեր հանեցին այն պատճառները, որոնց հետեւանքով Միջին Արեւելքէն եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներէ մարդիկ՝ լքելով իրենց տունն ու տեղը, կը դիմեն փախուստի:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, որուն ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը ձայն առնելով՝ քննադատեց Եւրոպական Միութեան երկակի կեցուածքը, ըստ որուն այն պայմաններուն մէջ, երբ Եւրոպական Միութիւնը կը պայքարի կարգ մը երկիրներու դէմ, միաժամանակ աչք կը փակէ Թուրքիոյ վտանգաւոր եւ վնասակար քաղաքականութեան նկատմամբ, աւելի՛ն, կը համագործակցի անոր հետ՝ լաւապէս գիտակցելով, որ Թուրքիան մեղք ունի ստեղծուած բազմաթիւ հարցերու մէջ:
Մասնակիցներուն կողմէ ընտրուեցաւ չորս հոգինոց բանաձեւի յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը:
19 Դեկտեմբերին, սեմինարին զուգընթաց տեղի ունեցաւ նաեւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Եւրոպայի կոմիտէի ժողովը, ուր ի շարս այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ Երիտասարդականի գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին ներկայացումով, մասնաւորապէս անդրադառնալով Սահմանադրական փոփոխութիւններուն, սուրիահայութեան հարցերուն, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման եւ անոր հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.