ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի հեռաձայնած է իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆին եւ անոր հետ քննարկած Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն առնչուող վերջին զարգացումները:
Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու սէուտական որոշումէն ետք, Միացեալ Նահանգներ շրջանի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով քայլեր որդեգրելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի յայտնեց, որ դիւանագիտական երկխօսութիւնն ու ուղղակի բանակցութիւնները այս տարակարծութեան լուծման հիմնական միջոցներն են:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւր մը, «ՌԻԱ Նովոսթի»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ցաւ յայտնեց՝ «իսլամական աշխարհի երկու մեծագոյն եւ շրջանի ու համաշխարհային քարիւղի շուկային մէջ ամէնէն ազդեցիկ երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց վատթարացման առնչութեամբ»: Ան ըսաւ, որ Մոսկուա պատրաստ է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու, եւ նշեց, որ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ շուրջ Վիեննայի ձեւաչափով բանակցութիւնները շարունակելու՝ մասնակցութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ, ակնարկելով Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան ու հիւպատոսարանի հրկիզումներուն՝ շեշտեց. «Կարելի չէ դիւանագիտական առաքելութեանց վրայ յարձակումը ընդունիլ իբրեւ քաղաքական տեսակէտի արտայայտման միջոց»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Անսարի Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց իրանեան հողամասերուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ «հաւատադրուժներ»ուն աջակցելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը Ռիատին պիտի չարտօնէ շարունակել շրջանին մէջ լարուածութիւն ու տագնապներ յառաջացնելու քաղաքականութիւնը:
Անսարի ըսաւ, որ Թեհրանի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու Ռիատի քայլը կը միտի իր ներքին հարցերը ծածկել՝ վստահեցնելով, որ Իրան յանձնառու է իր հողամասերուն վրայ գտնուող օտար դիւանագիտական առաքելութեանց պաշտպանութեան նկատմամբ: Ան ըսաւ նաեւ, որ Սէուտական Արաբիան Թեհրանի մէջ իր դեսպանատան դէմ յարձակումը օգտագործեց իբրեւ շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն յառաջացնելու պատրուակ՝ աւելցնելով, որ Ռիատ շրջանին մէջ լարուածութիւնն ու տագնապները կը մղէ մագլցումի:
Նշենք, որ Սուտան յայտարարեց, թէ կը խզէ Իրանի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ երկրէն վտարեց Իրանի դեսպանը: Իր կարգին, Պահրէյն իր դիւանագէտները տուն կանչեց Իրանէն եւ իրանեան դեսպանատան ամբողջ անձնակազմին 48 ժամուան պայմանաժամ տուաւ՝ երկրէն հեռանալու: Ապու Տապի իր կարգին յայտարարեց, որ կը նուազեցնէ Իրանի մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը:
Նաեւ, Ալճերիա Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղեց ողջախոհութիւն եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու:
Նշենք, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական լարուածութեան պատճառով, քարիւղին գինը նուազեցաւ 3 առ հարիւրով:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյր յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի խզէ նաեւ Իրանի հետ բոլոր առեւտրական յարաբերութիւնները եւ պիտի կասեցնէ Իրանի հետ օդային բոլոր թռիչքները:
Վերջապէս, Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հարաւային Իրաքի Բաբելոն նահանգին մէջ սիւննիներու մզկիթներուն ականահարումը Իրաքի յարանուանութեանց միջեւ թշնամանք յառաջացնելու եւ շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներու լոյսին տակ յարանուանական լարուածութիւնը հրահրելու յուսահատական փորձ մըն է: Նախարարութիւնը զգուշացուց սադրանքի հրահրումէն, եւ իրաքեան լրատուամիջոցներուն կոչ ուղղեց տէր կանգնելու իրենց ազգային, արհեստավարժական եւ բարոյական պատասխանատուութեանց ու շրջանառութեան մէջ չդնելու մեկնաբանութիւններ, որոնք կը ծառայեն Իրաքի թշնամիներուն նպատակին:
Նշենք, որ մայրաքաղաք Պաղտատի եւ շիիներով բնակուած իրաքեան քանի մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ մահապատիժ կրած շէյխ Նմըր Նմըրի սպանութեան դէմ: