ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Յունուար 5ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը եւ անոր յանձնեց հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ֆրանսիս պապին շնորհաւորական նամակը: Պապական նուիրակը նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին փոխանցեց Վատիկանի գլխաւոր պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնները: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ընդհանրապէս Վատիկանին ու յատկապէս Ֆրանսիս պապին կողմէ հայ ժողովուրդի արդար Դատին նկատմամբ ցուցաբերուած ամբողջական զօրակցութեան համար:
Ապա խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի նոր զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յառաջացած լարուածութեան վրայ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ ամէն գնով առաջքը առնուի այս լարուածութեան առաւել բարդացման, որուն հետեւանքները կրնան ըլլալ ժխտական՝ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Նաեւ, քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը: Վեհափառը առաջարկեց պապական նուիրակին, որ քաղաքական կողմերուն հետ հանդիպումներ ունենայ Վատիկանի անունով՝ թելադրելով, որ հեռու պահեն Լիբանանը շրջանային հարցերէն եւ առաջնահերթութիւն ընծայեն նախագահական ընտրութեան: