ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երկինքի դեսպաններուն՝ հրեշտակներուն փոխանցած բարեմաղթանքը, երկրի վրայ խաղաղութիւն հաստատուելուն մասին, մնայուն փափաք իբրեւ կը կրկնուի համայն մարդկութեան շրթներով, ըլլան անոնք քրիստոնեաներ, թէ՝ այլ կրօններու հետեւորդներ: Իւրաքանչիւրը իր իմացած լեզուով, մշակութային իւրօրինակ արտայայտութեամբ, հաւատքի սեփական կրօնահայեացքներով եւ ծիսական արարողակարգով, նոյն եւ միակ բաղձանքը կ՛արտայայտէ ներկայ ժամանակներուն, որ է՝ երկրի վրայ խաղաղութեան հաստատումը:
Թանկարժէք այս հարստութիւնը՝ խաղաղութիւնը, այնքան փխրուն դարձած է վերջին տարիներուն, որ աշխարհի մարդկութիւնը սկսած է մոռնալու մօտիկ անցեալին այն խաղա՜ղ ու երջանիկ կեանքը, որով կ՛ապրէր երկրագունդի տարածքին: Աշխարհի ամէն անկիւններէն ողբի ձայն եւ մահուան կանչ կը լսուի եւ կ՛արձագանգէ սարէ սար, մէկ երկրէն միւսը: Մինչեւ իսկ յառաջադէմ քաղաքներէն, ուր աւելի քան կէս դարէ ի վեր փամփուշտ մը չէր արձակուած, այժմ վառօդի հոտ կու գայ, եւ մարդոց արիւնը կը հոսի զերթ սպանդանոցի մէջ առանց խղճահարութեան մորթուող մսացու կենդանիներու արեան:
Անհանդուրժողութեան այսքան արագ մագլցումը կեանքն ի վեր, մարդոց փոխյարաբերութեան շրջագիծէն ներս, եւ թշնամական ոգիի այսքան հեշտ բոցավառումը ազգերու միջեւ գտնուած թաց ու չոր մարգագետիններուն երեսին, նոյնիսկ մեծ պետութիւններու հաշուարկին մէջ չկար հաւանաբար:
Աշխարհի այս թոհուբոհին մէջ, Աւետարանը կ՛ըսէ, թէ երեխայ մը ծնած է Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, զոր խանձարուրով փաթաթելէ ետք անոր մայրը՝ Մարիամ կը դնէ համեստ մսուրի մը մէջ (Հմմտ. Ղկ. 2.7): Աստուածային այդ մանկան անմեղ դէմքին կը սեւեռէ մարդկութիւնը իր աչքերն այսօր, իսկական խաղաղութիւնը Անկէ ակնկալելով: Թէ ան կրնայ խաղաղութիւն վերահաստատել աշխարհի մէջ, կասկած չունինք, համաձայն Անոր անսուտ խոստումին, թէ «Իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի», եւ մանաւանդ՝ «ձեզի չեմ տար (խաղաղութիւն) այնպէս, ինչպէս այս աշխարհր կու տայ» (Հմմտ Յհ 14.27):
Ահա եւ «խաղաղութիւն» ընդհանրական կարծուած գաղափարին ներքին բաժանմունքը՝ Աստուծոյ պարգեւածին եւ մարդոց ստեղծածին միջեւ: Միակ նշանակութեամբ պատկերուած այս բառը՝ խաղաղութիւն, ըստ իր արտաքին հնչեղութեան, կա՛մ կրնայ գոյութիւն ունենալ եւ ամէն հակառակութիւն իր հեղինակութեամբ փարատել, եւ կամ՝ ընդհանրապէս գոյութիւն չ՛ունենար եւ քաոսային իրավիճակ կը յառաջացնէ մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ: Մինչդեռ Յիսուսի մտածողութիւնը նոր տարածք կու տայ նոյն այս բառին: Աստուածապարգեւ խաղաղութիւնը Անոր մտածողութեան համաձայն, կը զանազանուի մարդոց միջոցաւ կնքուող պայմանական խաղաղութեան բոլոր տեսակի դաշինքներէն: Անոր բացատրութեամբ, համատարած եւ ամբողջական խաղաղութիւնը երկինքէն կը շնորհուի միայն, Ի՛նք կը բաշխէ զայն: Իսկ այն, ինչը մարդիկ կը յարմարցնեն իբրեւ խաղաղութիւն, գոյակցութենէն սկսեալ մինչեւ համագործակցութիւն, բոլորն ալ ժամանակաւոր բնոյթ ունին եւ սահմանուած՝ վերջակէտի մը հասնելու եղերական անխուսափելի բախտին:
Պատմութիւնը կը վկայէ այն մասին, թէ պատերազմներուն աւարտը յայտարարող դաշինքները երբեմն ինչքա՜ն զիջողութեանց գնով կը ստորագրուին: Անոնք յաճախ կը կանխեն ստոյգ պարտութիւններ, երբ հակամարտող երկիրները երկկողմանի բռնազբօս ճիգով խաղաղութիւնը բռնի կը քաշեն ու կը բերեն իրենց կապոյտ զենիթին: Սակայն, խաղաղութիւնը մարդուն ենթարկուելու պարագային, շա՛տ խղճալի տեսք կը ստանայ եւ կը նմանի անզէն զօրավարի մը: Մինչդեռ երբ բոլոր մարդիկ խաղաղութեան անչափելի ուժին դիմաց ծունկի գան եւ ընդունին զայն իբրեւ բոլո՛րը ծածկող օթոց, այն ատեն խաղաղութիւնը իր վաւերական իմաստը կը զգենու, բոլորին կողմէ առա՛նց նախապայմանի սիրուելով ու յարգուելով:
Իսկական խաղաղութիւնը մայրերու երկնապարգեւ սիրով լեցուն եւ խաղաղասէր սիրտին մէջ ծնած բարի զգացումն է: Կ՛ուզե՞նք այս աշխարհը խաղաղի, ուրեմն պէտք է մայրերու աչքերէն հոսող արցունքը սրբենք: Իր հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր պատերազմի դաշտին մէջ զոհուած, ահաբեկչութիւններու թատերաբեմին վրայ անսպասելի խոցուած, թշնամիներու կողմէ անգթաբար դաշունահարուած, ոճրային տարբեր անարգ գործերու իբրեւ արդիւնք իր կեանքը կորսնցուցած զաւակի համար ամէն օր մայրեր կու լան աշխարհի բոլոր անկիւններուն, եւ չի՛ չորնար անոնց արցունքի յորդառատ գեղձը: Տրտմութեան հովիտի լռակեաց բնակիչներ դարձած են անոնցմէ շատեր, երկրաւոր ցաւալից այս կեանքը քարշ տալով իբրեւ շարժող դիակներ: Ո՞վ պիտի սփոփէ անոնց սիրտի վէրքը, ո՞վ պիտի ամոքէ անդարմանելի ցաւը եւ ի վերջոյ ո՞վ պիտի սրբէ մայրական գորովահայեաց աչքերէն հոսող աղի արտասուքը, եթէ ոչ համա՛յն մարդկութիւնը, միահամուռ որոշումով: Երկիրներ ու ազգեր, բա՛ւ համարեցէք զէնքի ու հակամարտութեան ուղին, հագէ՛ք խաղաղութեան զրահը, եւ ձեր մէջքին պինդ կապեցէ՛ք սիրոյ ու համերաշխութեան ոսկեզօծ գօտին:
Իսկ ամէնէն փափուկ ու մաքուր թաշկինակը մայրական արցունքը սրբելու, Յիսուսի խանձարուրն է: Իւրաքանչիւր մօր ափերուն մէջ անջինջ կը մնայ իր երեխան առաջին անգամ փաթթած խանձարուրին փափկութիւնը, ինչպէս թափած ուրախութեան առաջին արցունքները անջինջ կը մնան իրենց քաղցր յուշերով, ի տես աշխարհ բերած իր զաւակին… Իսկ Յիսուսի խանձարուրը, համայն մարդկութիւնը իր մէջ պարուրող անծայրածիր լուսեղէն կտաւն է, զոր իբրեւ խաղաղութեան երդիք պէտք է ձգել, եղէգով շինուած հիւղակներէն սկսեալ մինչեւ արքայական պալատներու տանիքներուն վրայ:
Աշխարհի տիրողներուն իսկական ուժը, խաղաղութիւն ստեղծելուն մէջ է: Երկրագունդի հզօրագոյն մարդը, ազգը եւ պետութիւնը անիկա է, որ կը յաջողի խաղաղութեան գերիշխանութիւն ստեղծել, տարածել եւ պահպանել մարդկութեան կեանքին մէջ: Պատերազմի համար նետուած ձեռնոցները, ինքնապաշտութեան փայլուն շղարշին ներքեւ, քօղարկուած վախի արտայայտութիւններ են լոկ:
Խանձարուրով փաթթուած երեխայ մը կայ այնտեղ՝ Բեթղեհէմի անտաշ մսուրին մէջ: Ինչքան ալ փոքրամարմին է Նորածին Մանուկը, սակայն զԻնք փաթթող խանձարուրը լայն է ու երկար, նման Աստուծոյ ծով համբերութեան, որով Ան կը համբերէ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող անմարդկային արարքներուն՝ ահաբեկչութիւններուն, ոճիրներուն եւ վշտալի հետեւանքներով պատերազմներուն: Իսկ մենք իբրեւ քրիստոնեաներ, չմոռնանք մեր նուիրական պարտականութիւնը, եւ Նորածինին խանձարուրով մայրերուն արցունքը սրբենք: