ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Փարիզի «Յառաջ» թերթի հիմնադիր խմբագիր, դաշնակցական յայտնի գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի հետեւեալ վկայութիւնը կ՛արժէ վերընթերցել.
«Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի՝ ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը: Մեր կուսակցութեան հիմնական արժանիքներէն մին է ինքնավստահութիւնը,- տոկուն կեցուածք, սուր նայուածք եւ վճռականութիւն՝ խօսքի թէ գործի մէջ»:
Յատկանշական է, որ մեր ժողովուրդի պատկերացումներուն մէջ Դաշնակցութեան արժանիքներէն շեշտուած են Միսաքեանի նշած ինքնավստահութիւնը, տոկուն կեցուածքը եւ վճռականութիւնը: Ուզենք թէ չուզենք, ինքնազննութեան կամ ինքնաքննադատութեան արժանիքը աւելի թերահաւատօրէն կ՛ընդունուի:
Ինչո՞ւ:
Նախ՝ ինքնաքննադատական հրապարակային գրականութեան ոչ այնքան առատութիւնը, ապա՝ դաշնակցական կամ նախկին դաշնակցականներու հակակարգապահական ընթացքներու պատժական միջոցառումները, անոնց վերաբերեալ շրջագայող մերթ իրական՝ բայց յաճախ շինծու զրոյցները, պատժուողներու արդարացումներու փորձերը, դաշնակցական կարգապահութեան՝ առասպելական չափերու հասած հռչակը… այս բոլորը աւելի շատ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ անհանդուրժող, խիստ կառոյց մը, ուր «ինքնազննութիւնը» տեղ չունի:
Դաշնակցութեան Օրուան արդէն իսկ հաստատուն աւանդութիւնը պէտք էր փոխէր այս պատկերացումը՝ առաւել տեղ տալով ինքնաքննադատական խօսքին: «Օր»ուան խորհուրդին մէջ իսկ, կազմակերպականօրէն յաւակնութիւնը ունեցած ենք ինքնաքննադատութիւնը մեր պատգամներուն միացնելու ինքնավստահութիւնը յայտարարելու: Պէտք է ըսել, որ յաճախ այդպէս ալ եղած է, եւ դաշնակցական պատասխանատու գործիչներ այդ բեմէն սուր ինքնաքննադատական ելոյթներ ունեցած են՝ վեր հանելով Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ տեղ գտած թերութիւնները կամ բացթողումները:
«Ասպարէզ» այս առթիւ կը խոստովանի իր թերութիւնը՝ ինքնաքննադատական խօսքի սակաւութեան կամ գրեթէ բացակայութեան ուղղութեամբ: Կրնա՞նք այս գծով բարեփոխել վիճակը եւ մեր բաժինով արժեւորել Միսաքեանի գնահատումը…
Պիտի փորձենք: