ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լոյս տեսած է «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանի գրաբար– աշխարհաբար հանդիպադիրը:
Պատմաբան, հասարակական գործիչ, հրապարակագիր Ռաֆայէլ Համբարձումեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ ասիկա եզակի եւ աննախընթաց հրատարակութիւն մըն է, որ «Նարեկ»ով բուժուիլ փափաքողներուն մեծապէս պիտի օգնէ բուժուելու ոչ թէ երկի աշխարհաբար, այլ բնագիր տարբերակը կարդալով:
Աղօթամատեանի գրաբար լաւագոյն հրատարակութիւնը կը նկատուի 1774 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսածը, զոր տպագրուած է Գրիգոր Նարեկացիի գրչագիրէն: Հայագէտ Աշոտ Պետրոսեան այդ հրատարակութիւնը վերածած է աշխարհաբարի՝ թարգմանութիւնը զետեղելով բնագիրին դիմաց: «Նարեկ»ի այս փոխադրութիւնը աննախընթաց է, քանի որ Աշոտ Պետրոսեան բնագիրի այն հատուածները, յատկապէս բառերն ու հասկացութիւնները, որոնք այսօրուան ընթերցողին հասկնալի են, պահած է գրաբար: Հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ դպրոցներուն մէջ գրաբար դասաւանդելու օժանդակող հիմնական աղբիւր։