ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ծանօթ դրուագ մը կայ՝ խայթելով մարդու մը զաւակը սպաննած օձի եւ յետոյ սուր կացինով զայն սպաննել փորձած այդ մարդուն մասին, որ սակայն չի՛ յաջողիր ուղղակի օձին գլխուն իջեցնել տապարի հարուածը, այլ միայն իր ոտքերուն մէջէն սողալով անցնող զեռունին պոչի վերջին մասին կը հասցնէ հարուածը, կտրելով անկէ մասնիկ մը:
Նոյն առիթով, գետնաքարշ կենդանին բնականաբար ցաւ կը զգայ: Տարօրինակը այն է սակայն, որ տարինե՜ր յետոյ, բնականօրէն սպիանալու դատապարուած վէրքը պոչին, չի՛ դադրիր ցաւելէ, այնպէս ինչպէս որդեկորոյս հօր սիրտին մէջ չի՛ դադրիր մորմոքը՝ իր զաւակի կորստեան:
Հետաքրքրական է նաեւ օձին «արտայայտութիւնը» այս մասին, վերոյիշեալ դրուագին մէջ, թէ՝
«Դուն զաւակիդ ցաւը պիտի չմոռնա՛ս, իսկ ես՝ պոչիս ցաւը»:
Ոխակալութեան համար տրուած ամէնէն բացայայտ օրինակներէն մէկն այս: Ոմանց այնպէս կը թուի, թէ ոխակալութիւնը ժամանակաւոր է: Ազգերու, մշակոյթներու, կրօններու եւ մարդկային ընկերութիւններու միջեւ կարելի է տարբերութիւններ դնել այս հարցին գծով, նայած անոնցմէ իւրաքանչիւրին ազգային դաստիարակութիւնը, մշակութային արեւելումը, կրօնական հաւատալիքները եւ ընկերային մօտեցումները:
Վերոնշեալներէն ոմանք արմատական հայեցակէտներ կրնան ունենալ, իսկ ուրիշներ՝ աւելի մեղմ եւ փոփոխելի: Որոշ կրօններ կը յատկանշուին իրենց խիստ ու այլամերժ սկզբունքներով, իսկ ուրիշներ՝ հանդուրժողական կանոններով: Որոշ մշակոյթներ իրենց իւրայատկութիւններով կը զատորոշուին եւ ընդհանուրին մէջ աչքի կը զարնեն երբեմն իբրեւ բացառութիւններ: Իսկ ժողովուրդներ եւ ընկերութիւններ, երբեմն փակ օղակի նման պինդ կղպուած իրավիճակ կը պարզեն, արգիլելով օտար տարրերու մուտքը իրենց շրջանակէն ներս:
Ոխակալութիւնը վերոյիշեալ տարբեր մօտեցումներուն կը հետեւի: Մարդ էակը ճիշդ է որ սեփական դատողութիւն ունի, սակայն ենթակայ է ընդհանուր ուղեգիծին, որ իրեն կը ներարկուի իր պատկանած ազգին, իր ժողովուրդի սեփական մշակոյթին, իր կրօնքի մասնաւոր ուսուցումներուն եւ իր ապրած միջավայրի իւրայատուկ կանոններուն խողովակով: Այսպէս, օրինակ՝ գաւառցի անձը իր միջավայրի կազմաւորման բոլոր օրէնքները իր հետ կը տանի ամէն տեղ, անգիտակցաբար երդուելով, թէ զանոնք մինչեւ գերեզմանի մութ փոսը նաեւ, իր հետ պիտի իջեցնէ… Քաղաքածին մարդն ալ ի՛ր դաւանած օրէնքներուն հաւատարիմ կը մնայ, սակայն շատ աւելի լայնախոհ մօտեցում կը ցուցաբերէ, յարմարելով միջավայրին ու օրուան յառաջդիմական պայմաններուն:
Անցեալը մոռնալու քարոզները, որոնք յաճախ մարդիկ իրենք իրենց անձին կը կարդան, մարդը հաւատացեալ դարձնելու փոխարէն, աւելի անհաւատ կը դարձնեն: Ինչքան մարդ խօսի իր անցեալը մոռցած ըլլալուն մասին, նոյնքան կը փաստէ, թէ չէ՛ մոռցած տակաւին… Փաստօրէն մոռցողը բնաւ չի՛ խօսիր այդ մասին, ո՛չ ալ կամայ-ակամայ ակնարկութիւններ կը կատարէ: Այլապէս, ան կը փաստէ, թէ ինչքա՜ն «ցաւած է իր պոչը» անցեալին, որուն վէրքը դե՛ռ կը կոտտա՜յ:
Անցեալը մոռցած չըլլալու փաստերէն մէկը կարելի է համարել այն, երբ անցեալը մոռցած ըլլալու խոստովանութիւններ ընողները, յանկարծ նպարավաճառի նման, իրենց մգլոտած դարակէն դուրս կը բերեն մրոտած հին տետրակներու դեղնաւուն էջեր: Էջեր, որոնք ձէթի եւ կէսօրուան ճաշի հետքերով ջնարակուած ըլլալէ բացի, իրենց միտքի թրիքի գարշահոտութեամբ կը պարուրեն նեխած խանութին հազարաբոյր մթնոլորտը: Նպարավաճառը երբեք չ՛ամչնար իր պահածոյ տուփերու հոտած միսերէն հացին մէջ փաթթելով ակրատներ պատրաստել, եւ կեղծ հիւրամեծարութեամբ հրամցնել յաճախորդներուն… Վերջապէս ան իր խանութին շահը պիտի մտածէ, որուն եկամուտին մեծ զարկ կու տայ իր «պոչին ցաւը», իբրեւ մնայուն յուշարար:
Ինքնամատնութեան ծիծաղելի կացութիւն է վերոյիշեալ իրավիճակը, որուն անկարող տկարութեան մասին փաստարկումներ կատարելը, բնա՛ւ անհրաժեշտ չենք նկատեր: «Պոչին ցաւ»ն է մատնութեան կնիքը ինքնին, որուն կոտտացող վէրքը, մինչեւ իսկ մարդու քնացած պահուն, իր ներկայութիւնը կրնայ շեշտուած կերպով հաստատել:
Հոգեբաններ տարիքի յառաջացման կ՛առնչեն նաեւ անցեալը վերյիշելու ունակութիւնը մարդուն մօտ: Ինչքան տարիքը բարձրանայ, այնքան աւելի անցեալի դառն ու անուշ յուշերը կը յաճախեն մարդուն միտքը, զայն օրօրելով իրենց փափուկ կամ փշոտ օրօրոցին մէջ: Անցեալի քաջարի ու հուժկու մարդուն մկանները երբ կը թուլնան եւ կը սկսի զգալու իր ֆիզիքական անկարողութիւնը, մէկ դրամագլուխ կը մնայ իրեն համար՝ անցեալի իր քաջագործութիւնները վերյիշել: Ու այսպիսով, ան կը սկսի պատմելու ու վերապատմելու, յիշելու ու յիշեցնելու: Իսկ այդ պատմումները եւ յիշեցումները կը սկսի կատարելու նոյնիսկ անցորդներու, որոնք զարմացած զինք կ՛ունկնդրեն, երբեմն ալ յիմարի տեղ դնելով: Դրամագլուխներ, որոնք սակայն «հաց չեն կերցներ» այլեւս:
«Պոչի ցաւ»ը եթէ կարելի ըլլար դարմանել, գէթ մեղմելու համար զայն, անցնող երկա՜ր տարիները պէտք է օգտակար հանդիսացած ըլլային: Սակայն, օձին կատարած կանխագուշակութիւնը մարգարէական է եւ ապագային վրայ ուժեղ լոյս սփռող իր հզօրութեամբ, մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ: Անիկա վստահօրէն կ՛ըսէ. «Պիտի չմոռնամ պոչիս ցաւը, ինչպէս դուն պիտի չմոռնաս զաւակիդ կորուստը»:
«Պոչի ցաւ» ունեցողներու ոխակալութիւնը միայն մահով իր հանդարտութիւնը կը գտնէ: Սակայն, ի՛նչ օգուտ: Մահով եթէ ոխակալութիւնը վերջ պիտի գտնէ, ուրեմն չ՛արժեր կռուիլ: Ուրեմն ո՛չ կ՛արժէ զոհ տալ, ո՛չ ալ «պոչ» կորսնցնել, որովհետեւ անոր ցաւը պիտի մնայ մինչեւ կեանքին աւարտը: Հաշուարկներդ եթէ կանխաւ լաւապէս կատարես, «պոչդ» վրայ չես տար, ո՛չ ալ կոտտացող վէրք կ՛ունենաս «պոչիդ վրայ», անոր կտրուելուն պատճառով: