Յ. Կ.
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Յունուար 21ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Փարիզի «Անաքօ» տափանաւուն վրայ, Պոլիսէն ժամանած ընկերաբան, «Ակօս»ի եւ թրքերէն շարք մը թերթերու աշխատակից Սայաթ Թեքիրի հետ, որ ներկայացուց պոլսահայ երիտասարդական շարժումը՝ «Նոր Զարթօնք»ը, որուն հիմնադիր-անդամն է:
«Անաքօ»ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Արամ Քերովբեան, որ նախ բացատրեց, թէ այս տարի Տինքի ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկ չեն կազմակերպած, մտածելով որ այս հանդիպման ընթացքին արդէն լայնօրէն տեղ պիտի յատկացուի նիւթին: Նշելէ ետք, թէ այս հանդիպումը կարելի եղած է իրագործել շնորհիւ «Երկիր եւ Մշակոյ»չ կազմակերպութեան եւ «Նոր Զարթօնք»ի զօրակից ֆրանսահայ երիտասարդներու խումբին, խօսքը յաջորդաբար փոխանցեց անոնց ներկայացուցիչներուն՝ Գեղամ Գեւոնեանին եւ Եղիշէ Կորիզեանին:
«Երկիր եւ Մշակոյ»չի անունով Գ. Գեւոնեան իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց, թէ իրենք կ՛աջակցին «Նոր Զարթօնք»ին, մանաւա՛նդ այն պատճառով, որ կը բաժնեն անոր ռազմավարութիւնը, այսինքն՝ գործը պէտք է տեսնել տեղւոյն վրայ՝ Թուրքիոյ մէջ իսկ:
«Նոր Զարթօնք»ի զօրակցութեան յանձնախումբին անունով Է. Կորիզեան յայտնեց այն համոզումը, թէ լսարանի հոծ բազմութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է, որ ֆրանսահայութիւնը մօտէն կը հետաքրքրուի Թուրքիոյ հայութեան անցքերով: Ան դրուատեց «Անաքօ»ն, որ առանց դոյզն վարանումի ընդունած է իր դռները բանալ նման հանդիպումի մը համար, ինչ որ պարագան չէ եղած բոլորին: Ան շնորհակալիքի ամբողջ ցանկ մը ներկայացուց այս առթիւ, առանց մոռնալու Մարսէյի «Արամ» վաւերագրութիւններու կեդրոնը: Ապա ան բաւական լայն գիծերու մէջ ներկայացուց «Նոր Զարթօնք»ը: Շարժումը պաշտօնապէս հիմնուած է 2007ին, Հ. Տինքի սպանութեան վաղորդայնին: «Նոր Զարթօնք»ի առաքելութիւնն է արդարութեան որոնումը, ոչ միայն հայութեան, այլեւ՝ ճնշուած բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար: Ան տուաւ գլխաւոր այն երեք ազդակները, որոնց պատճառաւ իրենք՝ ֆրանսահայ երիտասարդներու խումբը, համակրած է «Նոր Զարթօնք»ին. Թաքսիմի ցոյցերուն անոր մասնակցութիւնը եւ կեցուածքը, կազմակերպած ցոյցերը, որոնց միշտ ներկայ է հայերէնը, եւ վերջապէս եւ բնականաբար «Քեմփ Արմէն»ի դիմադրութիւնը:
Ապա խօսափողը յանձնուեցաւ Սայաթ Թեքիրին, որ սահիկներու ընկերակցութեամբ շուրջ մէկ ու կէս ժամուան տեւողութեան բացատրութիւններ տուաւ իրենց շարժումի մասին: Նախ, աւելի լայնօրէն կատարելով պատմականը՝ ան ըսաւ, թէ իրենց շարժումը ծիլ արձակած է 2004ին, ելգիրերու ցանցի մը ստեղծումով, ուր կը շօշափուէին հրատապ նիւթեր, կը կատարուէր կարծիքներու փոխանակում: Ան երկու խօսքով բացատրեց նաեւ, թէ ինչո՛ւ ընտրած են «Նոր Զարթօնք» անունը: Ատիկա կը հետապնդէր 1830-1915 ժամանակահատուածին ապրուած «Զարթօնք»ի շրջանին շարունակութիւնը հանդիսանալու նպատակը: Այնուհետեւ, 2005-2006ին «Նոր Զարթօնք» սկսած է հետզհետէ մարմին առնելու։
Այնուհետեւ, 2005-2006ին «Նոր Զարթօնք» սկսած է հետզհետէ մարմին առնելու՝ ժողովներու, դասախօսութիւններու կազմակերպութեամբ, հուսկ 2007ին՝ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք պաշտօնապէս որպէս երիտասարդական շարժում լոյս աշխարհ եկած է, թէկուզ միայն երեք հոգիով: Այդ թուականէն ի վեր ամէն տարի կը մասնակցին Հ. Տինքի ոգեկոչման երթին, հայերէնով ալ քաջ եւ յանդուգն լօզունգներ պարունակող պաստառներ պարզելով: Ան ըսաւ թէ 2009ին ստեղծած են Հրանդ Տինքի յիշատակին քաղաքական «Յոյս» խաղը, որ կարելի է գտնել իրենց կայքին վրայ: Այդ նոյն տարին հիմնած են նաեւ «Նոր» ձայնասփիւռը, որ հաղորդումներ կը կատարէ 15 լեզուներով: Ինք եւս ընդգծեց, թէ ոչ թէ միայն Հայ Դատը կը հետապնդեն, այլեւ կողքին են այն բոլոր փոքրամասնութիւններուն, որոնք ճնշումներու ենթակայ են: Իրենց գործունէութեան կարեւոր մէկ մասն ալ յատկացուած է ֆեմինիսթ շարժումին: Աւելի լաւ բացատրելու համար իրենց տարած աշխատանքը ըսաւ, թէ «Նոր Զարթօնք» ցոյց կազմակերպած է Խօճալուի շինծու ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ, Տիգրանակերտի մէջ ալ բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Սեւակ Պալըքճըի դատավարութեան առթիւ:
Սայաթ Թեքիր արտայայտուեցաւ հայերէն: Իր խօսքերը ֆրանսերէնի թարգմանելու գործը յաջողութեամբ կատարեց Շուշան Քերովբեան:
Նշենք, որ Ս. Թեքիրի հետ այլ հանդիպումներ կազմակերպուած էին նաեւ փարիզեան հայաշատ արուարձաններէն Արնուվիլի, ինչպէս նաեւ Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ: