ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փարիզի մէջ Յունուար 28ի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տեւեճեան, «Սորպոն»ի հայազգի դասախօս Մարկ Մուղալեան, որ առաջին անձն էր, որ փորձած էր անցեալ Օգոստոս 21ին կանգնեցնել Փարիզ-Պր-իւքսէլ գնացքի ահաբեկչը եւ որուն համար Հոլանտէն արժանացած էր Ֆրանսայի Քաջութեան չորրորդ աստիճանի պարգեւին. ներկայ էին նաեւ ֆրանսահայ հասարակական ու քաղաքական գործիչներ:
Իր խօսքին մէջ, Հոլանտ յայտարարած է, որ արդէն իսկ սկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրէնք մը պատրաստելու քննարկումները՝ նշելով, որ օրինագիծին պատրաստումը վստահուած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փօլ Քոսթայի:
«Մեր լաւագոյն իրաւաբաններէն մէկը հանդիսացող Քոսթան յորդորած եմ, որ մեր օրէնսդրութեան մէջ գտնէ որեւէ ճանապարհ, որպէսզի կարելի ըլլայ անվիճելիօրէն պաշտպանել Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը», յայտարարած է Հոլանտ։
Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ Ժան Փօլ Քոսթա պիտի փորձէ գտնել այն բոլոր երաշխիքները, որպէսզի այսուհետեւ ուրացումը քրէականացնող օրէնքին հետ կապուած իրաւական որեւէ տարակարծութիւն չըլլայ:
Հոլանտ, դիմելով ներկաներուն՝ նշած է, որ ինք լաւ գիտէ, թէ ինչպիսի՛ դժգոհութիւններ յառաջացած են 2012ին ներկայացուած օրէնքի մերժումին պատճառով, որ հաւանաբար ներկայացուած էր հապճեպով: Ան յայտնած է նաեւ, թէ նոր օրէնքին սահմանադրականութիւնը պէտք է ապահովուի, որովհետեւ անոր ձախողութիւնը այլեւս պիտի ըլլայ «սարսափելի պարտութիւն Ֆրանսայի համար», ինչպէս նաեւ՝ «Հայ Դատի ուրացում»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ ըսած է. «Հայաստան եւ Թուրքիա միշտ պէտք է գիտնան, թէ Ֆրանսա պատրաստ է զիրենք երկխօսութեան առաջնորդելու»:
Կազմակերպիչ խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան, արձագանգելով նախագահ Հոլանտի խօսքին՝ նշած է, որ հպարտ են իրմով, քանի որ ան 2015ին եղած է Հայաստանի կողքին: «2016ին, Ֆրանսայի մէջ հայկական ծագումով 500,000 քաղաքացիներ պիտի հետեւին ձեզի՝ իրենց ամենանուիրական ցանկութիւնը իրականացնելու գործողութիւններուն ընթացքին», ըսած է Փափազեան՝ խօսքը ուղղելով նախագահ Հոլանտին։