Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին, Քուէյթի Ազգային վաժարանի աշակերտութիւնը նշեց արդէն աւանդոյթ դարձած «Գիրք նուիրելու օր»ը:
Բացման խօսքին մէջ Թ. կարգի աշակերտուհի Ալիս Քէչէճեան, անդրադառնալով յիշեալ օրուան, ըսաւ. «Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ այդ օրերու Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի որոշումով կը նշուի 2008 թուականէն: Գիրք նուիրելու գեղեցիկ տօնը կը նշուի Փետրուար 19ին՝ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը: Այս ընտրութիւնը ամենեւին ալ պատահական չէ, քանզի մեզմէ շատ-շատեր հայ գիրքը ճանչցած են Յովհաննէս Թումանեանի հիանալի հեքիաթներով: Մենք ալ մեր հերթին, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազնիւ քաղաքացիներ եւ հայ գիրքը արժանիօրէն կրող հայեր, այստեղ, Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս, հաւաքուած ենք արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով նշելու գեղեցիկ տօնը»:
Ապա Դ. կարգի աշակերտները երգեցին «Մայր լեզու» երգը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան: Ան անդրադարձաւ հայ գիրքին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը՝ սերունդներու ճշգրիտ դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր զարգացման: Գիրք ունենալն ու զայն ընթերցելը Մանուկեան համարեց հարստութիւն: Ան յորդորեց նաեւ տօնելի առիթներուն, նուէրներու ընտրութեան համար, յաճախ դիմել հայ գիրքին:
Աւարտին, վարժարանի Ա.-Զ. աշակերտներուն նուիրուեցան գիրքեր ու խտասալիկներ (CD): Խտասալիկները կը պարունակեն Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները՝ Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտներու ձայնով: