ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ հաստատուած զինադադարէն ետք Հալէպի մէջ երբեմն–երբեմն կրակոցներու ձայներ կը լսուին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, քաղաքը հանդարտ է:
«Հալէպը սովորական աշխատանքային վիճակի մէջ է: Առայժմ, կենցաղային դժուարութիւններ կան: Կան ելեկտրականութեան եւ ջուրի առնչուած հարցեր, որոնք տակաւին չեն լուծուած։ Ինչպէս գիտէք, ամիսներէ ի վեր Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւն չկայ, սակայն ժողովուդը այլ լուծումներ գտած է: Կան անձեր, որոնք հսկայ ելեկտրական շարժակներէ ելեկտրականութիւն կը վաճառեն բնակիչներուն, ի հարկէ, շատ սուղ գիներով։ Նոյնն է պարագան ջուրին։ Կան հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ, որոնք պետական արտօնութեամբ հորեր կը փորեն եւ հոնկէ դուրս բերուած ջուրը բնակիչներուն կը ծախեն: Երբեմն 80 կամ 100 մեթր խորութեամբ հորերէն ջուր կը հանուի։ Ատիկա հիմնականին մէջ կ՛օգտագործուի կենցաղային կարիքները հոգալու համար, իսկ խմելու ջուրը կը գնուի առանձին եւ բաւական սուղ կ՛արժէ: Այժմ Հալէպի մէջ կը տեսնէք բազմաթիւ անձեր, որոնք դոյլերով, տակառներով ջուր կը կրեն, ատիկա մեզի համար սովորական երեւոյթ է», յայտնած է Ժիրայր Ռէյիսեան:
Ըստ անոր՝ նախորդ օրերուն Հալէպի մուտքի միակ ուղին ենթարկուած էր յարձակումներու, եւ միայն վերջին երկու օրերուն է, որ կարելի եղած է որոշ չափով երթեւեկել։ Ան դիտել տուած է, որ Հալէպի միակ մուտքի ճամբան բացուած է, բայց անիկա ռմբակոծումներուն պատճառով աւելի վատ վիճակի մէջ է:
«Հալէպի շրջափակման ժամանակ շուկան որոշ չափով խեղճացաւ, բայց սննդամթերքի սղութիւն չկայ: Կար որոշ գիներու բարձրացում, բայց անհրաժեշտ սննդամթերք կար: Քանի որ ճամբան բացուած է, հետեւաբար այսօր կ՛ակնկալենք, որ վառելանիւթ մտնէ Հալէպ: Ընդհանուր առմամբ, ժողովուրդը սննդամթերքէ չէ զրկուած, հացի խնդիր չկայ, փուռերը կ՛աշխատին, հիմնականին մէջ կան կենցաղային դժուարութիւններ: Հակառակ դժուարութիւններուն՝ մարդիկ բոլոր պարագաներուն ալ լուծումներ կը գտնեն։ Կեանքը կը շարունակուի, ամէն տան մէջ ճրագը վառած է, կը կնքուին ամուսնութիւններ, կ՛արձանագրուին երեխաներու ծնունդներ, կ՛ըլլան մկրտութիւններ», աւելցուցած է Ժիրայր Ռէյիսեան: Անոր համաձայն՝ առողջապահութեան նախարարութեան ծրագիրով երեխաները կը պատուաստուին։