ՔՈՍԹԱ ՄԵՍԱ.- ՀԵԴ ճամբարի «Յովիկ Էքմէքճեան» հիմնադրամը վերջերս 5000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ Գէորգեան-Մատէնլեան իրաւաբանական հիմնարկէն։
ՀԵԴի եւ ՀՄԸՄի գործօն անդամ Յովիկ Էքմէքճեան 22 տարեկանին զոհ գացած էր արկածի մը, որ տեղի ունեցած էր 2014ի Փետրուարին։
Օրենճ Քաունթիի ՀՅԴ կոմիտէի ատենապետ եւ նշեալ հիմնարկի գործընկեր Կարօ Մատէնլեան կը յայտնէ, թէ նախքան նուիրատուութիւնը կատարելը, խորհրդակցութիւններ կատարուած են Յովիկի ընտանիքին հետ, եւ անոր հիման վրայ տրուած է այս որոշումը, որովհետեւ ճամբարը շատ սիրելի վայր մըն էր Յովիկին համար։
Այս նուիրատուութեան շնորհիւ, Յովիկ Էքմէքճեանի անուան հիմնադրամը այս տարի եւս պիտի կարենայ աջակցութեան ձեռք երկարել ՀԵԴ ճամբարի մասնակիցներուն։
Հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր օժանդակելու համար, դիմել՝ (818) 242-7494 թիւին կամ info@ayfcamp.org հասցէին, իսկ ՀԵԴ ճամբարին մասին մանրամասնութեանց համար, այցելել www.AYFCamp.org կայքը։