ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի մէջ Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական այնպիսի համակարգի, որ կը տարբերի հայաստանեան նախատիպէն:
«Մենք արդէն 20 տարի է՝ պայքարում ենք, որ անցում կատարենք խորհրդարանական համակարգին, որն առանձնայատուկ է լինելու հէնց Արցախի համար: Հայաստանեան մոդելի կրկնութիւնը չի լինելու», յայտնած է Արմէն Սարգսեան:
Պատգամաւորին համաձայն՝ իրենք խորհրդարանին մէջ արդէն սկսած են քննարկումներու, որոնք կը վերաբերին խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելուն: Չի բացառուիր, որ յառաջիկային Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին առընթեր մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ արդիւնաւէտ կերպով պիտի գործէ խորհրդարանական համակարգը Արցախի մէջ՝ Արմէն Սարգսեան ըսած է. «Պատերազմի տարիներին Արցախում խորհրդարանական համակարգ էր: Եթէ այդ ժամանակ կարողացանք յաղթել, այդ դժուար տարիներին, ապա այսօր էլ համոզուած ենք, որ հէնց այս համակարգով հնարաւոր է յաջողութեան հասնել»:
Նշենք, որ քննարկումներուն կը մասնակցէին «Ազատ հայրենիք», «Ժողովրդավարական», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Շարժում-88» եւ «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերը: