ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Անցեալ տարի նշանակուած Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ ունեցաւ բաց հանդիպում մը Նիւ Եորքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, Երեքշաբթի, 1 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի «Գաւուքճեան» հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի: Աչքառու ներկայութիւն էին, անկասկած, ՀԲԸ Միութեան, ՌԱ Կուսակցութեան, Ամերիկայի Հայկական համագումարի եւ «Վարդանանց ասպետներ»ու ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք անցնող տասնամեակներուն հաւաքաբար գործած են մեր գաղութին ընդհանրապէս, եւ մասնաւորապէս հայրենիքին ու Մայր Աթոռին գերագոյն շահերէն թելադրուած:
Բացման խօսքը կատարեց դոկտ. Դաւիթ Նաճարեան՝ ներկայացնելով հիւր դեսպանը, տալով անոր կենսագրական հակիրճ գիծերն ու անցնող մէկ տարուան ընթացքին կատարած լուրջ աշխատանքը Հայաստանի մէջ:
Դեսպանը առաւելաբար ծանրացաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան մասին, նշելով մասնաւորաբար ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրառման անհրաժեշտութեան ու պետական շրջանակներու թափանցիկ աշխատանքային դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան անհրաժեշտութեան, սահմանակից երկիրներու հետ բարի յարաբերութիւններ պահելու հրամայականին՝ շեշտը դնելով Արձանագրութիւններու կիրառման վրայ, որ նախաձեռնութիւնն էր՝ որքա՛ն Միացեալ Նահանգներու օրուան արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլըրի Քլինթընին, նոյնքա՛ն ալ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Լաւրովին: Ան, շրջանի խաղաղութեան ձգտող միա՛կ ճանապարհը նկատեց երկխօսութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, սկսելով սահմանուած Արձանագրութիւններուն գծով: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի կաշառակերութեան, որ ի վերջոյ անիկա պիտի ունենայ իր բացասական ազդեցութիւնը ժողովուրդի բարօրութեան ու տնտեսական բնականոն յառաջխաղացքին ու աճին վրայ:
Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ այն դրական ներդրումներուն զորս իր կառավարութիւնը կը ջանայ կիրառել մեր երկրէն ներս, ինչպէս ջրաբաշխութեան լուրջ ծրագիրները, մշակութային արժէքներու պահպանումը՝ Ուաշինկթընի Սմիթսոնեան հաստատութեան հետ, երիտասարդութեան ընդհանրապէս Արեւմուտքի արժէքներն ու չափանիշերը ծանօթացնելու գործը: Ան ծանրացաւ նաեւ առեւտրական ու տնտեսական փոխյարաբերութիւններու անհրաժեշտութեան վրայ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ, նոր գործարարներուն առիթ տալու, որպէսզի նոր ոյժ մատակարարուի Հայաստանի տնտեսութեան:
Վերջապէս, դեսպան Միլզ հաստատեց, որ դեսպանատունը կը ջանայ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը ներկայացնել Հայաստանի ժողովուրդին, հրաւիրելով հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը բարեացակամութեամբ դիմաւորելու ամերիկեան, եւ ընդհանրապէս ՆԱԹՕի քաղաքականութիւնը, յիշելով գործակցութիւնը Երեւանի կառավարութեան հետ՝ միակը թերեւս նախկին Խորհրդային հանրապետութիւններէն, որ այսօր կը ջանայ հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը ունենալ:
Գնահատելի էր իր կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, երբ ան քանիցս յայտարարեց, թէ 1915ի Մեծ Եղեռնը պէտք է որակել Ցեղասպանութիւն: Ան իր յարգանքի տուրքը տուած է Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ: Մեր ազգային հարցերուն բաւական քաջածանօթ՝ ան վստահութիւն ներշնչեց ներկաներուն, երբ ըսաւ, թէ հարազատօրէն բաժնեկից կը զգայ մեր ցաւերուն եւ երազներուն: Մանաւա՛նդ Ղարաբաղի հարցի վերջնական կարգաւորման համար, ան ընդգծեց երկխօսութեան ճանապարհն ու Արձանագրութեանց կիրառումին անհրաժեշտութիւնը:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն յղելու հարցումներ, որոնց ան պատասխանեց առարկայականօրէն՝ ընդհանրապէս առաջնորդուելով իր բանախօսութեան սկզբունքներէն թելադրուած: Ան ցոյց տուաւ նաեւ տեսաերիզ մը իր անցնող մէկ տարուան դեսպանատան գործունէութենէն, սկսելով իր անդրանիկ այցելութենէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հանդիպած էր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց հայրապետին: Նաեւ, որպէս դեսպան՝ ան ունի բարի յարաբերութիւններ մեր աւագանիին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետին եւ ազգային բանակի հրամանատարին հետ: