ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը Ապրիլ 3 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Արցախի տարածքին տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւներուն՝ նշելով յատկապէս, որ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ, տրուած ըլլալով, որ անոնք կը ներկայացնեն 1994ին հաստատուած հրադադարի բացայայտ խախտում եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի առաջ մղող բանակցութիւններու սկզբունքներուն ոտնակոխում:
«Կը դատապարտենք միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն լուրջ խախտումը: Նաեւ, այդ յարձակումներուն ընթացքին քաղաքացիական շրջանները ռազմական թիրախ դարձնելը ամբողջովին կը խախտէ զինուած հակամարտութիւններու ամենատարրական օրէնքները: Տարածքային վէճ մը լուծելու նպատակով որեւէ բռնութիւն անընդունելի է, իսկ երբ այդ վայրագութեան դէպքերը քաղաքացիական բնակչութեան մէջ մահ կը պատճառեն, ապա անոնք կը դառնան բարբարոսութիւն: Կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ Մինսկի խմբակին հետ յետաձգուած հանդիպումներուն վերսկսին», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որ միաժամանակ կը յիշեցնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման հիմնական սկզբունքները Հելսինքիի արձանագրութիւններուն մէջ ամրագրուած են, եւ կը պահանջէ, որ անոնք լիարժէք կերպով յարգուին։ Այս սկզբունքներն են՝
– Ուժի չկիրառում.
– Տարածքային ամբողջականութիւն.
– Իրաւունքներու հաւասարութիւն.
– Ժողովուրդներու ինքնորոշում:
Նշենք, որ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մաս կը կազմեն Ամերիկա ցամաքամասի 35 երկիրներ, իսկ անոր կեդրոնատեղին Ուաշինկթընի մէջ է։