ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 13 Մայիսին աշխատանքային այցելութիւն կատարած է ռազմարդիւնաբերութեան համալիրի շարք մը ձեռնարկութիւններ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է անոնցմէ մէկուն մէջ նոր արտադրամասի բացման: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութիւնը։
Ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացման շարունակականութեան ապահովումը պաշտպանական համակարգի բարեփոխումներու ծրագիրի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է: Այս առումով վերջին տարիներուն ակնյայտ են ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան՝ զինուած ուժերը հայրենական արտադրութեան սպառազինութեամբ ու ռազմական զինատեսակներով համալրելու գործընթացին ծառայող քայլերը եւ այդ ուղղութեամբ մնայուն հետեւողականութիւնը: Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի վերոյիշեալ այցելութիւնն ալ այդ պարունակին մաս կը կազմէ: Ոլորտի պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու ընկերակցութեամբ, նախարար Օհանեան տեղւոյն վրայ ծանօթացած է ձեռնարկութիւններու թեքնիք յագեցուածութեան, ռազմական նշանակութեան արտադրատեսակներու նմոյշներուն, անոնց պատրաստութեան, նորոգութեան ու արդիականացման աշխատանքներուն:
Նախարարին ներկայացուած են ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն արտադրած նոր տեսակները, յառաջիկայ ծրագիրներն ու աշխատանքային հիմնական ուղղութիւնները: Դիտարկելով ընթացող աշխատանքները եւ զինուած ուժերուն կարողութիւններու առաւել բարձրացման առումով կարեւոր նկատելով ռազմարդիւնաբերական համալիրի հետագայ զարգացման գործընթացը՝ պաշտպանութեան նախարարը ոլորտի պատասխանատուներուն տուած է համապատասխան յանձնարարականներ: