ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Մայիսին այցելած է պաշտպանութեան բանակի զօրավարժարաններէն մէկը, ուր հանդիպում ունեցած է Արցախի ազատամարտիկներու միութեան անդամներէ կազմուած գումարտակներէն մէկուն անձնակազմին հետ, ծանօթացած անոնց առօրեային եւ ծառայութեան ընթացքին:
Երկրին ղեկավարը ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը՝ կարեւոր նկատելով ազատամարտիկներուն մասնակցութիւնը հայրենիքի պաշտ-պանութեան գործին:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: