Լեհահայոց հոգեւոր հովիւ տէր Տաճատ Ծատուրեանի նախաձեռնութեամբ եւ Լեհաստանի հայկական երիտասարդական կազմակերպութեան աջակցութեամբ՝ Լեհաստանի շարք մը քաղաքներու մէջ իրականացուած է դրամահաւաք, որուն ընթացքին հաւաքուած է 8000 տոլար գումար: Երիտասարդական միութեան փոխնախագահ Յովհաննէս Գէորգեանի ձեռքով գումարը յանձնուած է Արցախի մէջ Ապրիլին զոհուած հետեւեալ զինուորներու ընտանիքներուն՝ Կիրակոսեան Գոռ, Օզմանեան Արամ, Աբրահամեան Արամ, Միքայէլեան Արամայիս, Մկրտչեան Սասուն, Յարութիւնեան Գրիգոր, Մգդեսեան Գէորգ, Սլոյեան Քեարամ, Աղաջանեան Միշա, Աբգարեան Տիգրան, Վարդանեան Գէորգ, Եուզչիխովիչ Վիկտոր, Յակոբեան Ռաֆիկ, Բերակչեան Տիգրան, Ալեքսանեան Տիգրան եւ Մելքումեան Սուրէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.