Ուրբաթ, 3 Յունիսի կէսօրին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի եւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Մարթին Հութի հետ:
Առաջնորդը նախ դեսպանին յանձնեց Արամ Ա. վեհափառին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին յղած նամակը՝ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով որդեգրած բանաձեւին առիթով: Ապա, ան լիբանանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ խորհրդարանին ու ժողովուրդին, մարդկային իրաւանց ու արդարութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած յանձնառութեան համար:
Դեսպանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին արտայայտած երախտագիտական խօսքերուն համար, վստահեցնելով որ Գերմանիոյ ժողովուրդը մարդկային արժէքները բոլոր շահերէն գերիվեր կը դասէ: Դեսպանը ընդունեց առաջնորդին հրաւէրը, Երկուշաբթի, 13 Յունիսին Լիբանանի Հայոց առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ հանդիպելու լիբանանահայ ղեկավարութեան ու ժողովրդային ներկայացուցչութեան հետ: Դեսպանը նաեւ իր ողջոյնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին: