ԳԱՄԻՇԼԻ.- Գամիշլիի մէջ երեք զոհեր արձանագրուեցան, երբ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգիստի արարողութեան մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարուեցաւ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ գործողութեան հեղինակը փորձած է մուտք գործել այն սրահը, ուր տեղի կ՛ունենար ասորիներու ցեղասպանութեան՝ «Սէյֆօ»ի (ասորերէն Սուրի, «Ա.») ոգեկոչման հաւաք մը՝ գլխաւորութեամբ ասորի ուղղափառներու Իգնատիոս Եփրեմ Բ. պատրիարքին: Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ գործող քրիստոնէական «Սոթորօ» զինեալ խմբաւորումի անդամները արգելք հանդիսացած են գործողութեան հեղինակին: Ըստ ապահովական աղբիւրի մը, «Սոթորօ»ի երեք անդամներ սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած:
«Սոթորօ»ի անդամ մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը «ինքզինք պայթեցուց մեր անցարգելին վրայ, երբ չկրցաւ հասնիլ իր իսկական թիրախին՝ Իգնատիոս պատրիարքին»: