ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմ-բակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան հաստատած է, որ ոչ մէկ ձեւով իրականութեան կը համապատասխանեն այն խօսակցութիւնները, թէ Արցախի իշխանութիւնները պատրաստ են տարածքներ զիջելու կայուն կարգավիճակ ստանալու դիմաց։
«Հիմքեր չունենք՝ այդպիսի մեկնաբանութիւններ կամ ենթադրութիւններ տալու: Մամուլում շրջանառուող տեսակէտներ են դրանք, եւ դրանց համապատասխան մեկնաբանութիւններ տալ ճիշդ չէ: Յամենայն դէպս, մենք ոչ մի հիմք չունենք ենթադրելու, որ այդպիսի մթնոլորտ կամ կեցուածք կայ. չկան նման խօսակցութիւններ», ըսած է Դաւիթ Իշխանեանը:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ քառօրեայ պատերազմէն ետք լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ Հայաստանի նախագահը Ստեփանակերտի մէջ պատգամաւորներուն հետ քննարկած էր տարածքներու զիջման հաւանականութեան հարցը՝ Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Սերժ Սարգսեանը նման խնդիր չի քննարկել, եւ այդ քննարկման գործընթացի վերաբերեալ մամուլում տարածուեցին տարաբնոյթ, իրականութեանը չհամապատասխանող տեսակէտներ: Դրանք մտացածին բաներ են»:
Նշենք, որ քաղաքական կարգ մը վերլուծաբաններ ունին այն կարծիքը, թէ իշխանական վերնախաւը կը քննարկէ տարածքներ զիջելու հարցը:
Ի դէպ, Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան յայտարարած էր, թէ իրենք պատրաստ են փոխզիջման, որ պէտք է ըլլայ երկկողմանի եւ համարժէք: