Յունիս 22ին մեր պաշտօնակից «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիւրը եղաւ մանկավարժուհի Ժոէլ Չինչինեան (ծնած Պէյրութ, Լիբանան), որ մանկական երգերու իր առաջին խտասալիկն ու տեսահոլովակը հրապարակած է այս տարի: «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագիրի գործակատար Արին Տիմիթեան զրուցեց Ժոէլի հետ:
Ժոէլ մանկավարժութիւն ուսանած է Մոնմորանսի քոլեճին մէջ, ապա 8 տարի Սուրբ Յակոբ վարժարանի ՀՕՄի Ծաղկոցէն ներս պաշտօնավարած է որպէս ուսուցչուհի: Փոքրերու աշխարհը ներշնչած է զինք եւ մղած, որ սկսի ներկայացումներ կատարելու՝ տարեդարձներու, համայնքային ձեռնարկներու, քերմէսներու եւ այլ փառատօներու: Ան 6 տարուան ընթացքին շատ բան սորված է երեխաներէն եւ կ՛ըսէ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ:
Երաժշտութեան հանդէպ մեծ սէր ունենալով, ներքուստ միշտ փափաքած է իրականացնել այս երազը: Ան կը պատմէ, թէ մէկ տարի առաջ, Լիբանան այցելութեան ընթացքին, ծանօթացած է երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանին, որուն հետ կարելիութիւնը ունեցած է աշխատելու իր խտասալիկի 5 երգերը մէկ շաբթուան ընթացքին ձայնագրելու: Մոնթրէալ վերադառնալէն ետք, Փօլ Մալախանեանի օգնութեամբ գործը աւարտած է՝ յաւելեալ 5 երգերով: Իր 10 երգերը Ժոէլ յօրինած է ամուսինին եւ կարգ մը գործակիցներու օգնութեամբ:
Ժոէլ կը պատմէ, թէ երգերու արձանագրութենէն եւ հրապարակումէն ետք, ինք եւ իր խումբը կը զգան, թէ պակաս բան մը կայ, եւ կ՛որոշեն պզտիկները գրաւելու համար տեսասալիկ մը պատրաստել, որուն մէջ երգերուն կ՛ընկերակցին պարեր, խաղեր, փոքրիկներ, գոյներ եւ նկարներ: