ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀԵԴի Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յուլիս 31ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներու՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի, յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 150 հայորդիներու։
«Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու համար Լիզպոնի հինգ հերոսներուն զոհաբերութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, որ մեր շարունակուող ջանքերով հաւատարիմ կը մնանք անոնց յառաջ մղած նպատակներուն։ Այս հինգ երիտասարդները իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի Հայ Դատը վերջապէս քննարկումներու նիւթ դառնայ միջազգային հարթակներու վրայ», յայտարարեց ՀԵԴի Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի ատենապետ Կարօ Սարգիսեան։
Ձեռնարկը սկսաւ պահ մը լռութեամբ, ի յարգանք հինգ նահատակներուն, որմէ ետք բացման խօսք արտասանեց «Ռուբէն» ուխտի վարչութեան անդամ Փաթիլ Տէրտէրեան, լուսարձակի տակ առնելով Լիզպոնի Հինգի գործողութեան կարեւորութիւնը եւ յիշեցնելով, որ անոր բացած ճամբուն շնորհիւ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է եւ կը շարունակէ ճանչցուիլ բազմաթիւ երկիրներու, պետական մարմիններու եւ կազմակերպութեանց կողմէ։
Ապա ցուցադրուեցաւ Սիմոնի, Վաչէի, Սարգիսի, Արայի եւ Սեդրակի կենսագրական տուեալներուն մասին տեսանիւթ մը, որմէ ետք Քրիստափոր Արապեան եւ Կրեկ Հօշարեան Լիզպոնի Հինգին նուիրուած երգ մը կատարեցին, այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ գործողութեան մասին տեսանիւթ մը։
Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, իր ելոյթին մէջ արտայայտուեցաւ հայութեան համար կանխամտածուած այս զոհաբերութեան բերած նպաստին մասին՝ շեշտելով, որ Լիզպոնի Հինգը իրենց այս արարքով անմահացան, որովհետեւ գերագոյն զոհաբերութեան դիմեցին՝ ի շահ հայութեան Դատին։
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀԵԴի կրտսերներէն բաղկացած երգչախումբը՝ կատարելով «Վէրքերով Լի» երգը, որուն միացան նաեւ ներկաները։
Կարդալ Նաեւ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի պատգամը՝ Լիզպոնի Հինգի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին