ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի 8 Սեպտեմբերի նիստին իր խօսքը ուղղած է նաեւ Հայաստանի վարչապետի թեկնածու Կարէն Կարապետեանը:
ՀՀԿի կողմէ վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուն շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ ՀՀԿ խորհուրդի նիստի մասնակիցներուն՝ իրեն տրուած վստահութեան համար: Ան հաստատած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ արդարացնելու այդ վստահութիւնը:
Կարէն Կարապետեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին՝ անոր տարած աշխատանքին համար: Վարչապետի թեկնածուն նշած է, որ մօտ օրէն պիտի ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ ծրագիր, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երկու փուլէ: Առաջին փուլը պիտի ներառէ կարելի եղած այն արագ փոփոխութիւններն ու յաջողութիւնները, որոնք որոշ չափով վստահութիւն եւ հաւատք պիտի ներշնչեն ծրագիրի նկատմամբ, իսկ երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ Հայաստանի հեռանկարային զարգացման տեսլականը:
Կարէն Կարապետեան նշած է, թէ շնորհակալ պիտի ըլլայ բոլոր գործընկերներուն, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց առաջարկները, եւ տեղեկացուցած է, որ մօտիկ ապագային կը պատրաստուի հրաւիրել գործընկերները՝ տնտեսագէտներ, գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներ, մեծ գործառնութիւններու ղեկավարներ ու բոլոր անոնք, որոնց կը հետաքրքրէ թեման՝ կլոր սեղանի շուրջ քննարկելու այդ բոլորը:
Ելոյթի աւարտին Կարէն Կարապետեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան համար եւ խոստացած է տանիլ ազնիւ ու լիարժէք աշխատանք: