ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Եուրոզի ստեղծագործութիւնները ոչ միայն ցարդ գնահատուած ու ցուցադրուած են շարք մը ժամանակակից արուեստի թանգարաններու մէջ, այլ նաեւ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած են ՄԱԿի եւ նոյնիսկ Վատիկանի կողմէ:
Վերջերս, Եուրոզի արուեստին դիմաց իր դռները բացաւ նաեւ Սան Տիէկոյի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը (Museum of Contemporary Art) ու իր մնայուն հաւաքածոյին մէջ առաւ Եուրոզի «Համբոյր Կարմիր Գլխարկի Տակ» (թուղթի վրայ սերեկրաֆ, 1992թ., 60ով 40 ինչ) գործը, որ նուիրատուութիւնն է տէր եւ տիկ. Թեմի եւ Միշել Լանկ ամոլին, որ յայտնի արուեստասէր-բարերար է Ամերիկայի մէջ:
Եուրոզի համբաւը դուս գալով Ամերիկայի սահմաններէն եւ անցնելէ ետք Եւրոպայէն ու Միջին Արեւելքէն, այժմ հասած է մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Ան Սեպտեմբեր 19-22, յատուկ հրաւէրով մը պիտի մասնակցի Չինաստանի Հինգերորդ միջազգային քաղաքային քանդակի փառատօնին (5th International Urban Sculpture Festival), իսկ երրորդ անգամ ըլլալով, Յունուար 11էն 15, «Նոազ Արք» ցուցադրասրահը զինք պիտի ներկայացնէ Սինկափուրի «Արթ Սթէյճ» արուեստի միջազգային փառատօնին:
Այս մեծատաղանդ ստեղծագործողին ձեռք բերած միջազգային նուաճումները պատահական երեւոյթ չեն: Անոնք նախ տքնաջան եւ յարատեւ աշխատանքի մը արդիւնք են, ապա նաեւ Եուրոզ այն գեղանկարիչն է, որ յանդգնութիւնը ունեցաւ խորանալու խորանարդապաշտութեան (cubism) մէջ եւ կրցաւ քայլ մը առաջ տանիլ ու աստիճան մը վեր բարձրացնել զայն: Եուրոզ երկու տիտաններու եւ կարելի է ըսել՝ իր մեծագոյն «ուսուցիչներ»ուն՝ Պրաքի եւ Փիքասոյի ստեղծած եւ արուեստին մէջ բեկում յառաջացուցած խորանարդապաշտութիւնը օժտեց լուսաերանգային վառ աշխուժութեամբ եւ համապատասխան խորհրդանշաններով: Եուրոզի արուեստը խորանարդապաշտ դասական գործերէն կը տարբերի թէ՛ համադրական (synthetic) եւ թէ վերլուծական (analytic) տեսանկիւնէ՝ իր կենսունակ եւ ոգեղէն արտայայտչականութեամբ ու բովանդակալից խորհրդանշաններով (նուռ, լոյս, գինի, կապոյտ վարդ, գիրք եւ այլն), որոնք «կ՛ապրին» այնպէս, ինչպէս Եուրոզի նախապապերու Սօսեաց անտառն ու վիշապաքարերը: Այսպիսով, գուցէ անոր արուեստը կարելի ըլլայ մկրտել նոր «իզմ»ով մը ու անուանել Neo-Hylozoist (նոր-ոգեպաշտութիւն):
Հին աշխարհի ժողովուրդներէն շատերը (յոյներ, հայեր, բաբելոնցիներ, հիթիթներ եւ այլն) սկզ-բնական շրջանին «հայլոզոիստ»ներ էին, այսինքն՝ անոնք կը հաւատային, թէ բնութեան տարրերն ու առարկաները կ՛ապրին ու կը շնչեն, եւ այս պատճառով ալ կ՛անձնաւորէին ու կը պաշտէին զանոնք: Թէեւ այս առումով Եուրոզի արուեստը հայլոզոիստական բնոյթ ունի, սակայն կարելի չէ իր մենաշնորհը համարել զայն:
Բացի միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներէ, հայ մեծագոյն կերպարուեստագէտներէն շատերու արուեստը եւս թաթաւուն է հայլոզոիստական զգացողութեամբ, ինչպէս՝ Արշիլ Կորքի, Ռուբէն Նաքեան, Երուանդ Քոչար, Գառզու եւ այլն։
Անշո՛ւշտ կերպարուեստագէտներու քով հայլոզոիզմի դրսեւորումը ենթագիտակցական բնոյթ ունի: Այս առումով, Եուրոզի արուեստը դերեւս հանգամանօրէն եւ ըստ արժանւոյն չէ պեղուած եւ ուսումնասիրուած: Կարիքը կը զգացուի լուրջ եւ խոր վերլուծումներու եւ մեկնաբանութիւններու:
ԾԱՆՕԹ.- Երբ այս ակնարկը պատրաստ էր արդէն մամուլին ուղարկուելու, յանկարծ լուր ստացանք, թէ Եուրոզի «Յաւերժութիւն» քանդակը արդէն իսկ ընտրուած է իբրեւ Չինաստանի վերոյիշեալ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցող ստեղծագործութիւններէն մէկը եւ մնայուն ցուցադրութեան պիտի արժանանայ JIMO-ի «AU Wangshan Forest» քանդակներու զբօսայգիին մէջ: