ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամը, որ նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողներու, 2016-2017 կրթական տարեշրջանին համար 5000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրէ:
Երաժշտութեան մէջ մասնագիտացող եւ առնուազն համալսարանական երկրորդ տարուան լիաժամ հայ ուսանողներու յատուկ սոյն կրթանպաստնին մանրամասնութեանց եւ դիմումներու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.edwardhosharian.com կայքը:
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնել եւ ղրկել մինչեւ Փետրուար 1, 2017, հետեւեալ հասցէներուն՝ info@edwardhosharian.com, կամ՝ EHSF, PO Box 2577, Montebello, CA 90640: