ԵՐԵՒԱՆ.– 4 Հոկտեմբերին Քաշաթաղի շրջանի Հերիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է բարեսիրական միջոցներով եւ պետական աջակցութեամբ կառուցուած Արցախի հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի անուան դպրոցական նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ելոյթներով հանդէս եկած են «Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեան, Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի պատասխանատուներ, համայնքի ներկայացուցիչներ: Հրապարակուած է, դպրոցի ուսուցչական կազմի համապատասխան դիմումին համաձայն, շրջանային վարչակազմի ղեկավարին տուած որոշումը, որով Հերիկի դպրոցը կոչուած է մարտական դիրքը պաշտպանելու ատեն հերոսաբար զոհուած եւ յետ մահու «Արցախի հերոս»ի Լեռնային Ղարաբաղի բարձրագոյն կոչման արժանացած Ռոբերտ Աբաջեանի անունով:
Ձեռնարկին ընթացքին գեղարուեստական գեղեցիկ կատարումներով հանդէս եկած են գիւղի դպրոցականները: