ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաթսունը թեւակոխեցի: Կ՛արժէր լուռ անցնիլ այս մասին, սակայն քանի մը ընկերներու դաւադիր գործունէութիւնը կը պարտադրէ, որ առնուազն հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս առթիւ «Ասպարէզ»ին նուիրատուութիւն կատարեցին:
Կրնայի, անշուշտ, լուրի ձեւով յայտարարել, թէ «Ասպարէզ»ի բարեկամներ 18,100 տոլար նուիրատուութիւն կատարեցին թերթին: Վստահ եմ, որ ընկերներս չէին նեղանար, եթէ առիթը չյիշէի: Բայց ուզեցի պահը օգտագործել՝ անդրադառնալու հարցի մը, որ վերջին շրջանին սկսած է լրջօրէն մտահոգելու զիս:
Հերթափոխի ժամանակը արդէն իսկ հասած է, եւ պէտք է արագ մտածել «Ասպարէզ»ի դրօշակը փոխանցելու մասին: Ամերիկեան օրէնքով՝ հանգստեան կոչուելու համար դեռ ժամանակ ունիմ, կրնամ քանի մը տարի եւս աշխատիլ… Նոյնիսկ եթէ շարունակեմ աշխատիլ, կը նախընտրեմ պատասխանատուութիւնս յանձնել երիտասարդ թեկնածուի մը, որուն հետ կրնամ որոշ ժամանակ մը գործել: Երբեմն, սակայն, կը մտածեմ, որ մամուլի ոլորտին մէջ նո՛րն է, որ կը գնահատուի, մանաւանդ՝ արհեստագիտութեան զարգացման այս պայմաններուն մէջ, երբ ամէն օր լուրերու ու տեղեկութեանց փոխանցման նոր հարթակներ կը ստեղծուին:
Փորձառութիւնը, այս պարագային, կրնայ դառնալ ծանրացնող, դանդաղեցնող ազդակ, որմէ պէտք է խուսափիլ: Է՜հ, կը մտածեմ, եթէ ինքնավստահ երիտասարդ մը գայ, ապա կրնայ ազատօրէն ընդունիլ այն, ինչ օգտակար կը նկատէ, եւ մերժէ ժամանակավրէպն ու հնաբոյրը: Ես չեմ նեղանար եւ կը շարունակեմ խորհուրդներս ու առաջարկներս փոխանցել, եթէ ներկայութիւնս հանդուրժելի ըլլայ:
Յամենայնդէպս, կրնամ հաստատօրէն պնդել, որ «Ասպարէզ»ի համար ժամանա՛կն է հերթափոխի:
Տարեդարձդ շնորհաւոր, սիրելի Աբօ։
Համաձայն եմ մօտեցումիդ, ինքս միշտ այդպէս շարժած եմ, բայց կ՚ուզեմ նաեւ որ շուքդ անպակաս ըլլայ մեր մամուլին վրայ ու ընթերցողները երկար ատեն տակաւին լսեն ձայնդ…
Վարձքդ կատար։
Վրէժ-Արմէն
Նախ շնորհաւորութիւններս տարեդարձիդ առթիւ, սակայն չեմ բաժներ այն կարծիքը որ հերթափոխութեան ժամդ եկած է: Ընկեր Աբօ, Ամերիկայի մէջ փորձառութիւն բառը շատ կարեւոր է:(էքսբերիանս): Նոյնիսկ Գալիֆորնիայի պարագային, գալիֆորնիական փորձառութիւն կը պահանջուի գործի դիմումի մը պարագային: Երիտասարդը՝ խելացի եւ մասնագէտ, պիտի չունենայ քու փորձառութիւնդ: Միւս կողմէ՝ համաձայն եմ որ մէկը պէտք է պատրաստուի եւ այն ալ շուտ (ոչ աճապառանքով):
Ընկեր Աբօ,
Դեռ շա՜տ տալիք ունես թերթին: Երիտասադութեան հետ ամեն ինչ կը գայ, բայց իամաստութիւնն երեցներինն է:
Քեզի պէս անձերու համար վաթսունը կը նշանակէ երկու երեսուննոցի կուտակած ուժականութիւն ու եռանդ,: Գրիչդ դալար, , կեանքդ երկա՜՜ր, ընկ. Աբօ…
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԸԼԼԱՅ ՏԱՐԵԴԱՐՁԴ ՅԱՐԳԵԼԻ ԱԲՕ: ՈՒՐԱԽԱԼԻ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ԲԱՐԻ ԵՐԹ ԴԷՊԻ ԱԴԱՄԱՆԴԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ:
նՈՒԱՐԴ