ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-
Յատկանշական է, որ Պաքուի մէջ բացուելիք «Trump Hotel»ին մասին տեղեկութիւնները Թրամփի պաշտօնական կայքէն արդէն իսկ հեռացուած էին 2015ի Դեկտեմբերին, երբ ան կը պատրաստուէր իր թեկնածութիւնը առաջադրելու: Պաքուի պանդոկի նախագիծին մէջ Թրամփի գործընկերն էր Ատրպէյճանի փոխադրական հարցերու նախարարի որդին, որ կ՛ամբաստանուի շարք մը զեղծարարութիւններով։