ՊԵՐԼԻՆ, «Էյ.Փի.».- Գերմանիոյ բարձրագոյն դատարանը նկատուող Սահմանադրական դաշնակցային ատեանը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին մերժեց իրեն ներկայացուած շարք մը բողոքներ, որոնց թիրախն էր Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Սահմանադրական ատեանին ներկայացուած էին առնուազն ութ բողոքներ:
Դատաւորները ընդգծած են, որ բողոքողները չեն կրցած համոզիչ փաստեր ներկայացնել, թէ նշեալ բանաձեւին վաւերացումը իրենց տարրական իրաւունքներուն խախտում պատճառած է՝ աւելցնելով, թէ նման խախտում մը ակներեւ չէ:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը այս տարուան Յունիս 2ին, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915ին եւ 1916ին տեղի ունեցած հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակման ու դատապարտման մասին» բանաձեւը՝ խստօրէն զայրացնելով Անգարան:
Ընկեր Աբօ, տահաւին երէկ, Կիրակի, յօդուած մը ուղարկեցի գրեթէ այս նիւթին շուրջ, չեմ գիտեր եթէ կարդացիք: Գերմանիոյ նախագահին ինծի ուղարկած նամակն էր, ուր ան ոչ միայն կ’ընդունի ցեղասպանութիւնը, այլ յանցաւոր կը նկատէ Ռայխի ղեկավարները: Կը խնդրեմ տպեցէք: