ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի եւ պատմութեան անիւի հոլովոյթով, անհատապէս եւ ազգովին տարի մը եւս բոլորած ըլլալով՝ խոկումի եւ խորհրդածութեան հայելիին առջեւ կը գտնուինք: Հետեւաբար, անյարիր չէ միտքերը հրապարակաւ արտայայտել:
Քննարկման անհրաժեշտութեան հրամայականը միտքի մարզանք չէ, այլ, յենած մէկ այլ տարուան մը փորձառութեան վրայ՝ ազգային ուղեւորութեան ճանապարհին հարկ եղած բարեփոխումներու ձգտումին գիտակցումն է:
Աշխարհագրականօրէն, հայ ժողովուրդի պատմութեան այս հանգրուանին ծանօթ երեք յենարաններն են՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհով մէկ տարտղնուած սփիւռքահայութիւնը:
Ահաւասի՛կ համառօտ ակնարկ մը սոյն յենարաններուն:
Ա.- 2016ը Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան անկախութեան քսանհինգամեակն էր: Պատշաճօրէն, հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին տպաւորիչ զինուորական տողանցքով եւ բազմաթիւ փայլուն հանդիսութիւններով յիշատակուեցաւ պատմականօրէն մանուկ այս հանրապետութեան տարեդարձը: Սեպտեմբեր 21ի երեկոյեան, Երեւանի մարզահամալիրի մէջ կազմակերպուած փառաւոր հանդիսութեան, ՀՀ նախագահին արտասանած խօսքը անզուգական նկարագրութիւն էր այն իտէալ հայրենիքին, զոր բոլորս կը բաղձանք: Հայաստանի քաղաքացիի իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն նկարագրութիւնը մարմին փշաքաղող դասագրքային շարահիւսութիւն էր: Իրականացնելու համար ժողովրդավար եւ զարգացած երկրի մը մէջ անհրաժեշտութիւն եղող ընկերային արդարութիւնը եւ տնտեսական բարեկեցութիւնը, կը մնայ հաւաքական ջանքերով եւ պահանջներով իրականացնել բոլոր այդ գեղեցիկ իրաւունքներուն կիրարկումը երկրին մէջ: Երկրի նոր վարչապետը այդ իրաւունքներու ցանկէն անպայման օրինակ մը ունենալու է իր գրասեղանին վրայ: Քաղաքացին, պայքարելու եւ պահանջելու հարկադրանքին տակ գտնուելու չէ՛՝ վայելելու համար սահմանադրականօրէն ի՛րը եղող որեւէ իրաւունք: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար սահմանները հսկող կամ իր արիւնը հեղող քաղաքացին տէ՛րն է այդ իրաւունքին: Նմանապէս, իր հարկերը կանոնաւորապէս վճարող քաղաքացիին բնական իրաւունքն է հեզասահ կերպով վայելել մարդկային իրաւունքներու գեղեցիկ փունջը, զոր երկրի սահմանադրութիւնը ապահոված է: Այս իրաւունքներու ծիրին մէջ է նաեւ օրէնքի արդար եւ հաւասար կիրառումը՝ բոլոր քաղաքացիներուն հանդէպ, առա՛նց խտրականութեան, ինչ որ կաշառակերութեան, փտածութեան եւ ինքնահարստացման դէմ պայքարի առաջնահերթ միջոց է:
Հայրենիքի հողին վրայ գտնուող ամենաթանկագին հարստութիւնը երկրի քաղաքացին է: Անոր գոհունակութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը երաշխիքն է հայրենիքի յարատեւութեան, գոյութեան եւ զարգացման: Պետութեան կողքին, հզօր հայրենիքի մը ապահով սահմաններուն մէջ գոհունակ քաղաքացիութեան մը ապահովումը նաեւ իմ եւ քու պարտաւորութիւնն է, մեր հաւաքական յանձնառութիւնը եւ աշխատանքը, զոր մեզմէ կը պահանջուի՝ առանց պայմանի, առեւտուրի կամ վարձատրութեան:
Ուրիշ ելք չկա՛յ:
Բ.- 2016ին Արցախի Հանրապետութիւնը եւս յիշատակեց իր անկախութեան քսանհինգամեակը: Հակառակ տօնախմբութեան մթնոլորտին եւ ոգիին, Արցախը Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նորոգած ցաւով կը տագնապի: Արեւելեան ճակատի ոսոխին անակնկալ եւ վայրագ յարձակումին պատճառած աղէտը երկար դարմանումի կարօտ է: Ամենափոքր վնասն ու մէկ զոհն իսկ շատ է մեզի համար: Համահայկական ընդոստ նեցուկը թէեւ մխիթարական է, սակայն թշնամիին նենգ եւ դաւադիր դիրքը կը մնայ լուրջ սպառնալիք: Արցախը մեր անսակարկելի ճակատն է, արժանի ամէն զոհողութեան եւ նեցուկի: Արցախը մեր Աւարայրն ու Սարդարապատն է: Արցախեան ճակատը, Հայաստանի գոյութեան, հզօրութեան եւ գերիշխանութեան գրաւականն է, անսասան թումբը եւ անխախտելի գիծը: Մեր բոլորին բնական եւ տրամաբանական ակնկալութիւնն է, որ պետութիւն եւ իշխանութիւն՝ ի Հայաստան եւ յԱրցախ, պէտք եղած բարեփոխումները կատարելագործեն՝ օգտուելով Ապրիլեան ճակատումին իբրեւ հետեւանք ի յայտ եկած եւ սերտուած բացթողումներու փորձառութենէն:
Գիտակից ենք, թէ վերջերս Արցախեան տագնապը լուծելու փորձերը աշխուժացած, իսկ հայկական կողմին վրայ ճնշումները ուժեղացած են: Ճշմարիտ է նաեւ, որ սերունդներ շարունակ պատերազմի սպառնալիքին տակ պահելը անբաղձալի՛ է: Այդ վիճակը կրնայ ժողովուրդի մը ստեղծագործելու եւ արդիւնաբերելու կարողականութիւնը ջլատել, իսկ անոր աստուածատուր՝ խաղաղ եւ արժանավայել կեանք մը ապրելու արդար իրաւունքը խլել: Ամէն սակարկութիւն եւ ակնկալուած զիջում, սակայն, ազգային ռազմագիտական անկիւնէ՝ ունի սահմանուած գին մը, զոր կարելի չէ խախտել: Մեր երկրի ղեկավարները պարտին գիտնալ զոհողութեան ու զիջումի այդ սահմանը եւ այդ գիտակցութեամբ մտնեն բանակցութեան տաղաւարը: Խաղաղութեան ճանապարհը սո՛ւրբ է եւ փշո՛տ: Հարկ է սրբութեամբ մօտենալ այդ ճանապարհին վրայ մեր կարողականութեան եւ կարելիութիւններուն: Արցախի ազատագրութեան ճանապարհը ոռոգուած է նահատակ ազատամարտիկներու արիւնով. որեւէ լուծում՝ այդ զոհողութեան արդա՛ր գինը նժարի վրայ պէտք է դնէ: Հաւաքաբար պատրաստ պէտք է ըլլանք տագնապի լուծման պարտադրած արդա՛ր գինը վճարելու:
Ուրիշ ելք չկա՛յ:
Գ.- Սփիւռքահայութեան կազմաւորման, հաւաքական կարողականութեան, հայապահպանութեան, ֆիզիքական գոյութեան պայքարի, ստեղծուած նոր գաղութներու, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումի, հայրենիքի եւ Արցախի համար նուիրագործուած միաձոյլ ճակատ մը կազմելու եւ այլ մտահոգութիւններու տուն տուող հարցերը բազմաթի՛ւ են: Թաւալող տագնապներ, որոնք կը ժառանգուին սերունդէ սերունդ:
Հինգ տարի է, սակայն, որ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի եւ կը դիմագրաւէ սփիւռքահայութեան արմատները խախտող եւ անոր գոյութեան սպառնացող՝ յետ-եղեռնեան ամենամեծ Ազգային Աղէտը: Սուրիահայութեան տագնապին, սփիւռքահայ Մայր գաղութի անդամահատումին եւ սուրիահայ հոծ գաղթականներու անյոյս ու անմխիթար վիճակին, մենք, հաւանաբար, հարկ եղած լրջութեամբ չմօտեցանք: Այո՛, գոյութիւն քաշքշող սնունդ մը կրցանք հայթայթել կրակի տակ գտնուողներուն… Գորովագին օժանդակութեամբ թեթեւցուցինք հայրենիքի մէջ ապաստան գտած անկողմնացոյց գաղթականներուն ցաւը… Սակայն չկր-ցանք մեծ պատկերը տեսնել եւ գաղութի քայքայումէն բխած նուազագոյն օգուտը քաղել: Արդարեւ, սուրիահայութեան տագնապէն բխած բոլոր չարիքներուն դիմաց, միայն մէ՛կ մխիթարութիւն եւ ազգային շահ կրնար ըլլալ՝ անոնց հայրենիք հաստատուիլը եւ հայրենիքը մարդուժով, տաղանդով, մասնագիտութեամբ ու կարողականութեամբ հարստացնելը: Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը՝ փրկութեան կարօտ ոգեղէն Արեւմտահայաստանն են, իսկ մենք ե՞րբ որոշեցինք պատմութեան կորսուած էջերուն յանձնել Արեւմտահայաստանը:
Վտանգի նուազումի եւ յարաբերական ապահովութեան վերադարձի մշուշոտ յոյսեր կ՛երեւին սուրիական հորիզոնին վրայ: Հալէպը, մանաւանդ, ազատագրուելու վերջին հանգրուանին մէջ է արդէն: Մենք երախտապարտ ենք սուրիական հայրենիքին, որ դար մը շարունակ ապահով ապաստան եւ հովանի պարգեւեց Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայու բեկորներուն, իսկ այդ բեկորները, իրենց կարգին, երկրագունդի վրայ արտակարգօրէն ծաւալած սփիւռքահայութեան զարթօնքի աւիշն ու արիւնը հանդիսացան:
Այսօր այդ գաղութի զաւակներէն ոմանք, հաւատարիմ իրենց նոր հայրենիքին՝ թերեւս հաստատ ու գիտակից կերպով փափաքին շարունակել իրենց կեանքը ի վերջոյ խելայեղօրէն զարգացումի, վերաշինութեան եւ վերականգնումի ենթակայ ծննդավայրին մէջ: Իսկ մենք, յարգելով անոնց կամքն ու որոշումը, մղուած մարդկային եւ ազգային պարտաւորութիւններէ՝ պարտինք սատարել անոնց վերականգնումին: Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ, սակայն, քանի մը սերունդի հեռաւորութեամբ՝ երկու բռնագաղթ պէտք չէ կրկնուի, եւ ուրեմն, հարկ է հաւաքուիլ հարազատ հողամասի մը վրայ, ուր առաւել կ՛երաշխաւորուի է աղէտին բացառումը:
Հայ Սփիւռքը՝ ընդհանրապէս, եւ սուրիահայ Սփիւռքը՝ յատկապէս, հարկ է հաւաքել ապահով, հիւրընկալ եւ գուրգուրալից հայրենիքի մը հողին վրայ:
Ուրիշ ելք չկա՛յ։
================================================================
Տէր Եւ Տիկ. Զարեհ Եւ Մելինէ Իսախանեան
Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Զոյգ Տօներուն Առիթներով՝
Կը Մաղթենք Աշխարհին Խաղաղութիւն
======================================================
Տոքթ. Արմէն Արա Եւ Տոքթ. Ժուլիանա Չալեան
Կը շնորհաւորեն բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
===================================
Նոր Տարուան բարիքներով եւ Ս. Ծնունդի
խորհուրդով թող լեցուին մեր կեանքերը
Տոքթ. Րաֆֆի Եւ Տոքթ. Թամար Չալեան
Եւ զաւակները՝ Անի եւ Էմմա
===================================================
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէութիւն
Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք.
Եկեղեցի
ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Շահան Շահնուր»
Մասնաճիւղ
«Լեւոն Եւ Յասմիկ Թաւլեան» Ազգ. Մանկամսուր
Տարեցներու Միութեան Փասատինայի Մասնաճիւղ
ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՅՔԱՐ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ
Կը Շնորհաւորենք Շրջանի Եւ Համայն Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
==============================================================