ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ե՞րբ, վստահ չեմ. բայց Դեկտեմբեր ամսուան մէջ էր, գիտե՛մ։ Գիշերուան ուշ ժամերուն տան զանգը հնչեց. զայն անտեսելով, այս անգամ հարուածային արագութեամբ դուռը կը թակուի. ո՞վ կրնայ ըլլալ… Մեծ հարցականը դէմքիս, զայն բանալու վախէս քիչ մըն ալ շուարած՝ մօրս երեսին կը նայիմ։ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ այս օրերուն է, որ գողերն ու ստահակները կը շատնան. մէկ փորձութենէ վաղուց անցած ենք արդէն. տայ Աստուած, որ երկրորդի մըն ալ չհանդիպինք… կը մտածեմ. մանաւանդ որ չորս ննջարաններու մէջ եօթը անկողին տեղաւորած տան մէջ, վերջերս, երկուքով առանձին մնացած էինք։
– Բա՛ց, աղջի՛կս, Հրանդէն բացի ո՞վ կրնայ ըլլալ այս ժամուն…
Վստահութիւն ներշնչող իր ձայնէն քաջալերուած՝ կը բանամ. մայրական նախազգացումը անգամ մը եւս չէր սխալած. իսկապէ՛ս Հրանդ եղբայրս էր դուռը թակողը։ Երբեմնի իր այցելութիւններով երկուքիս մինակութենէն շատ բան փոխած, այսօր եւս, ամբողջ երեսը գոցելու չափ՝ երկու ձեռքերով շալկած մեծ տուփով, դժուարութեամբ ներս կը մտնէ ան։
– Այս ի՞նչ տուփ է,- զարմացած կ՛ըսէ մայրս, ու զաւակին յոգնութիւնը վայրկեան մ՛առաջ խնայելով՝ դի՛ր, գետին դի՛ր, տղա՛ս,- կ՛աւելցնէ։
– Չեմ գիտեր մէջը ինչ կայ, մա՛մ, բայց Կաղանդի առիթով ինծի համար ղրկուած նուէր է, գիտե՛մ։
Զայն շալկելու տաղտուկէն՝ դէմքին վրայ նուէր ստացողի գոհունակութեան ամենափոքր նշոյլն անգամ չէր երեւեր։
«Այսքա՜ն մեծ տուփի մէջ ի՞նչ կրնայ ըլլալ», ես ինծի հարց տալով ու Կաղանդի ընտանեկան հաւաքոյթին չսպասելով, անհամբեր հետաքրքրութեամբ մը՝
– Բա՛ց, գիտնանք ի՞նչ է եղածը,- կ՛ըսեմ։
Խնամքով մը տուփը կը բացուի. մէջինը դուրս գալով՝ երեքս իրարու երես կը նայինք ու հաւասարապէս անակնկալի եկած ի՜նչ տեսնենք… պուպրի՛կ։
«Աս ալ ամուրի երիտասարդ տղու համար ղրկուելիք նուէ՞ր է… ու ո՞վ է նուիրողը» հարցումիս առանց իսկ պատասխան ստանալու, մէկ կողմ դրուած ու քանի մը վայրկեանուան համար բոլորիս կողմէ անտեսուած մնաց անիկա, մինչեւ որ մայրս վերջապէս զայն ձեռքերուն մէջ առաւ.
– Ի՜նչ ալ աղուոր պուպրիկ է, եղեր. աչքերուն նայեցէք ինչպէ՛ս վեր-վար կը շարժին, եւ ի՜նչ «թոնթոշ» ձեռքեր ու ոտքեր ալ ունի, հապա խնդո՞ւքը… ճիշդ խնդուքդ կը յիշեցնէ, տղա՛ս. մարդ ըլլալու համար՝ հոգի՛ն պակաս է միայն,- աւելցուցած մայրս՝ պուպրիկին գլուխը շարժելով։
Ապա զայն շոյելով՝ կամացուկ մը եօթը զաւակ գրկելու վարժ իր գիրկը տեղաւորեց զայն։ Ըսուած այսքա՛ն գովասանքի խօսքերուն երկուքէս ոչ մէկը ընկերացած՝ Հրանդին երեսին կը նայիմ եւ հոն երեւցած անտարբեր արտայայտութիւնը փոխելու մտահոգութեամբ՝
– Հրա՛նդ, նուէրը միա՛կ բանն է, զոր ստանալէ ետք շնորհակալութիւն յայտնելով՝ առանց որեւէ ձեւակերպութեան, սեփականութեանդ մէջ կը մտնէ անիկա, սիրե՛ս թէ չսիրես, ուզե՛ս թէ չուզես,- կ՛ըսեմ։
– Հաճի՛ս, հիմա դասախօսութիւն մտիկ ընելու տրամադրութիւն չունիմ. այս մէկը ես տուն տանողը չեմ, ձեր քով թող մնայ. ի՛նչ կ՛ուզէք՝ ըրէ՛ք. թափեցէք, պահեցէք, ձեր գիտնալիքն է։
Հրանդին մէկ խօսքը երկու չըլլար. հօրը տղան է… ու յստակ այսքանը ըսելէ ետք իր նախընտրած քաղցր սուրճը կը խմէ եւ «բարի գիշեր» սովորական մաղթանքը չմոռցած՝ անկաշկանդ ձեռքերով, գործ մը վերջացուցած ըլլալու գոհունակութեամբ տուն կը վերադառնայ։ Իսկ ես, քնանալու համար հազիւ սենեակս անցնելու վրայ էի, երբ նկատեցի, որ մայրս անբացատրելի գուրգուրանքով մը պուպրիկը անգամ մը եւս շալկած՝ «արդեօք շոյո՞ւմ էր, թէ համբուրում էր», չեմ գիտեր, բայց վստահ գիտեմ, որ զայն խնամքով իր տուփին մէջ դրաւ եւ յաճախ չգործածուած ապրանքներու պահարանին մէջ տեղաւորեց։ «Եղածը չէր բաւեր, հա՛տ մըն ալ աւելցաւ», դժգոհած կ՛ըսեմ ես ինծի։
Յաջորդող օրերուն էր, երբ՝
– Մա՛մ, այս պուպրիկով ե՞ս, թէ դուն պիտի խաղանք… օր առաջ թափե՛նք,- ըսի։
– Չէ՛, աղջի՛կս, այս պուպրիկը չի թափուիր։
Խորհրդաւոր այդ պատասխանին մէջ գոհացուցիչ ոչ մէկ բացատրութիւն գտած, միայն մօր մը որոշումը յարգելով ու իր կամքը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ, պուպրիկը իր տեղը եղածին պէս շարունակեց մնալ, մինչեւ որ քանի մը տարի անց, երբ պահարանը հերթական ձեւով մաքրելէն ու դասաւորելէն այլեւս ձանձրացած էի ես, իսկ ինք՝ ո՛չ, անգամ մը եւս ըսի.
– Մա՛մ, մեր շուրջը բաւական երեխաներ կան. Ալիսիա, Նանար, Վանի, Քարին, Ալին… ասոնցմէ մէկո՛ւն նուիրենք։
– Չէ՛, աղջի՛կս, չէ՛, այս պուպրիկը ոչ ոքի նուէր կը տրուի…
Երեսին նայելով՝ պոռթկումի չափ «ինչո՞ւ» հարցումս հազիւ ըսելու վրայ էի, երբ երկար ատեն մասունքի պէս միտքին մէջ գաղտնի պահած խորհրդաւոր այդ պատճառը վերջապէս բացայայտելով՝
– Ասիկա Հրանդին աղջկան պիտի պահեմ,- ըսաւ։
Հո՛ն էր, որ իրմէ լսածս ուղեղիս մէջ բառ առ բառ գամուելով, ըսելիք ոչինչ գտած՝ հասկցա՛յ, թէ իր եւ անկենդան այդ պուպրիկին միջեւ ստեղծուած էր տարբեր բոյրով թոռնիկ մըն ալ տեսնելու անբացատրելի բնազդական կապը։
Տարիները անցան… Մայրս մահացաւ. Հրանդը անժամանակ կաթուածահար մեզմէ հեռացաւ, իսկ պուպրիկը, առանց իրեն հետ խաղացող մ՛իսկ ունենալու մնաց. աւելի՛ն, չգործածուած ապրանքներու պահարանէն օր մը վերջնականապէս դուրս գալով՝ տունէ տուն ալ փոխադրուեցաւ։ Իսկ հիմա, նոր տանս սենեակներէն մէկուն մէջ, Հրանդի յատկանշական ժպիտը դէմքին՝ բազկաթոռի մը վրայ հանդիսաւորապէս բազմած, ամէն Նոր Տարուան սեմին իւրաքանչիւր նուէր տուողի ու ստացողի հետ անխտի՛ր այս բոլորը ինծի յիշեցուցած՝ կը մտածեմ…
Երկա՜ր ատեն պուպրիկ մը պահած ըլլալուն համար մայրս էր, զոր կը մեղադրէի, բայց ես ալ հիմա նո՛յն բանը ընելով՝ ինչո՞ւ թափած զանգուած մը ապրանքներուս հետ չկրցայ ու պիտի չկրնամ տակաւին զայն աղբաման նետել։
Ինչո՞ւ, ըսէ՛ք՝ ինչո՞ւ…