Կիրակի, 22 Յունուար 2017ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (5252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214), կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին՝ տեղի պիտի ունենայ ուխտագնացութեան մը նուիրուած դասախօսութիւն: Օրուան հիւր դասախօսն է դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան: Դասախօսութեան նիւթն է՝ «32 օր ճանապարհին. Ուխտագնացութիւն Ս. Յակոբայ ի Սպանիա»։
Հայ ուխտաւորներ այդ սրբավայրը սկսած են երթալու դեռեւս 11րդ դարէն սկսեալ: Այսօր, The Camino de Santiago-ն համաշխարհային ժողովրդականութիւն վայելող ճանապարհորդութիւններէն մէկն է: Միայն 2015 թուականին, այս ուխտագնացութիւնը կատարած են աւելի քան 260,000 ուխտաւորներ: Այնտեղ կարելի է հասնիլ քանի մը ճանապարհներով:
2016ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն, Սոնա եւ Յարութիւն Արմէնեանները այնտեղ քալեցին ամենայայտնի ֆրանսական ճամբայով, որ կը սկսի Ֆրանսայի Սուրբ Jean-Pied-de-Port-էն եւ կ՛անցնի Փամփլոնայով, Պուրկոսով, Լոնկրոնոյով, Լիոնով, Ասթորիայով, իսկ 790 քիլոմեթր կտրելէ ետք՝ կ՛աւարտի Սանթիակոյի մէջ: Այս ճանապարհորդութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ կոփելու ճամբորդողին ֆիզիքական դիմադրողականութիւնը եւ վերանորոգելու անոր հոգեւոր ներաշխարհը:
Դասախօսութիւնը պիտի կայանայ ընկերակցութեամբ խտասալիկներու, նկարներու եւ ջրաներկ գծագրութիւններու, որոնք առնչուած են ճանապարհորդութեան:
Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան համաճարակագիտութեան դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) Fielding School of Public Health-ի եւ Johns Hopkins Bloomberg School of Public Health-ի մէջ, ուրկէ եւ ստացած է իր մագիստրոսի եւ դոկտորականի վկայականները: Ան, 1968ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն MD վկայուելէ ետք, աշխատակցած ու պատասխանատու պաշտօններ վարած է Պահրէյնի առողջապահական նախարարութեան, AUB-ի, Johns Hopkins համալսարանի MPH ծրագիրներուն եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ 14 տարիներու իր ծառայութեան ընթացքին, ան ձեռնամուխ եղած է կրթական նոր ծրագիրներու մշակման՝ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար: Արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» նախագահական շքանշանին՝ 2001ին, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի Մայրիներու (Cedar) պետական շքանշանին:
Դոկտ. Արմէնեան նաեւ հասարակական լայն ու շնորհակալ աշխատանքներ տարած է Լիբանանի եկեղեցական շրջանակներուն, Համազգային Մշակութային Միութեան եւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան մէջ: Ան հեղինակ է 100 գիտական յօդուածներու եւ 20 գիրքերու: Հայաստանի մէջ կը շարունակէ աշխատակցիլ Turpanjian Rural Development ծրագիրին, որ գիւղական շրջաններու մէջ հիմնած է 280 գործատեղիներ եւ աշխատանքի պատրաստած է աւելի քան 1000 հայորդիներ: Դոկտ. Արմէնեան, նաեւ իբրեւ ջրաներկի նկարիչ, ունեցած է 6 անձնական ցուցահանդէսներ եւ տպագրած է երեք գիրքեր: 2015ին, իր ջրանկարները տպագրուած են եւ մասնակից դարձած այս արուեստի միջազգային զարգացման:
Դոկտ. Յարութիւնն ու իր կինը՝ Սոնան, նաեւ լեռնագնացներ են: Անոնք մագլցած են Արարատ լեռը՝ 2006ին: 2012ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն մագլցած են Թանզանիայի Քլիմանճարօ լեռը, իրենց զաւակին՝ Սարոյի հետ միասին, իսկ 2013ին՝ Փերուի Machu Picchu-ն։ 2016ի Փետրուարին, Սոնան մագլցած է Մեքսիքայի ամենաբարձր լերան՝ Օրիզապայի գագաթը, Լեռնագնացներու միութեան խումբին հետ: Իսկ 2016ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն, Սոնան եւ Յարութիւնը աւարտեցին Camino de Santiago de Compostela-ի 700 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհը՝ 32 օրերու ընթացքին:
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած իւրայատուկ այս դասախօսութեան մուտքը ազատ է: Այն բոլոր ազգայինները, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները ու հովանաւորել մեր յառաջիկայ ձեռնարկները, կրնան կապ պահել եկեղեցւոյ կայքէջին վրայ գտնուող
cvarmenianchurch@gmail.com հասցէին միոջոցով։
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)