ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է հայ-ռուսական ներդրումային հիմնադրամ ստեղծելու՝ վարչապետի յանձնարարականին:
«Ըստ նախնական պայմանաւորուածութիւնների՝ ֆոնդի հիմնական նպատակն է լինելու ֆինանսաւորումն ու ներդրումները այն ոլորտներում, որոնք կը բերեն Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան բարձրացմանը, արդիւնաբերութեան կօօպերացիայի զարգացմանը, արտահանման աճին», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսի հայ-ռուսական հիմնադրամի ստեղծման աշխատանքները:
Նախարարը շեշտած է, որ ռուսական կողմը Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելով հետաքրքրուած է. առնուազն 300 միլիոն տոլարի ներդրումներ պիտի ներգրաւուին Ռուսիայէն: Ռուս ներդրողները յատկապէս հետաքրքրուած են ուժանիւթի, վերականգնուող ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտներով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այս տարի Հայաստան չի մասնակցիր Տաւոսի տնտեսական համաժողովին՝ նախարարը ըսած է. «Մենք ամբողջովին հետեւում ենք կատարուած գործընթացին, սակայն, աշխատանքային ծանրաբեռնուածութիւնից ելնելով, հնարաւորութիւն չեղաւ մասնակցելու այդ համաժողովին: Այո՛, ես համաձայն եմ, որ Դաւոսի համաժողովը կարող էր լաւ հարթակ հանդիսանալ, որ դա ներկայացուէր, սակայն դա միակ հարթակը չէ: Այդ համաժողովին չմասնակցելը դեռ չի նշանակում, որ մեր ներդրումային ծրագրերը եւ բոլոր մնացած այլ ծրագրերը չեն ներկայացուելու բոլոր հետաքրքիր եւ պոտենցիալ ներդրողներին», յայտնած է ան։
Կարայեան համաձայն գտնուած է այն տեսակէտին, որ ներդրումներուն համար ընտրութիւնները կրնան խանգարող հանգամանք ըլլալ, քանի որ նման գործընթացներ որոշ չափով զսպող են: