ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, անցեալ Շաբաթ երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիք Օտիթորիում» հսկայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական խրախճանքը, որ միշտ կը յաջորդէ հայ կեդրոնի մը մէջ կատարուած նորագիրներու երդման արարողութեան:
Խրախճանքին ամէնէն յուզիչ ու խանդավառող պահը մեզի պարգեւեց ներկայ երիտասարդներէն մեծ խումբ մը, երբ անոնք թեւ թեւի մտած՝ յառաջացան դէպի բեմ ու ձայնակցեցան ազգային-հայրենասիրական-յեղափոխական երգերու հրաշալի մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանին:
Ստեղծուած մթնոլորտը, դաշնակցականի կամ Դաշնակցութեան համակիրի մը համար, իւրայատուկ ոգեւորութեան ու ներշնչման աղբիւր էր: Հետաքրքրական է, որ մեզմէ հեռու, Աթէնքի մէջ, մեր գաղափարակից ընկերները եւս երէկ՝ Ուրբաթ, 27 Յունուարին, նմանօրինակ պահ մը ապրած էին: Այստեղ նպատակայարմար կը գտնենք մէջբերել մեր մտաւորական ընկերներէն Միհրան Քիւրտօղլեանի վկայութիւնը՝ Աթէնքի մէջ շրջանի երեք կոմիտէութեանց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած «Մեր Օր»ուան ձեռնարկին ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտին մասին:
Քիւրտօղլեան կը գրէ.
«Ուրբաթ, 27 Յունուարին, աղուոր երեկոյ մը անցուցի Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահը, ուր համախմբուած էին Աթէնքի ու շրջակայքի երեք կոմիտէութեանց ընկեր-ընկերուհիներ, նաեւ՝ Երիտասարդականի անդամ-անդամուհիներ, կուսակցական շրջանակի մէջ տօնելու համար «Մեր Օրը»:
Օրուան պատշաճ խօսքերու պաշտօնական բաժինէ մը ետք, իբրեւ գաղափարական մեծ ընտանիքի անդամներ, բոլորս մէկդի դրած առօրեայի անձնական մտմտուքներն ու հաւաքական կեանքի առնչուող անխուսափելի տարակարծութիւնները, յեղափոխական երգերու առթած խռովքին ու կենացներու տարափին մէջ «դաշնակցականացաւ» մթնոլորտը: Խրախուսիչը, նաե՛ւ յուզողը, գեղեցիկ պատկերն էր՝ սրահի այն կէսին, որ յատկացուած էր ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներուն: Հոն պարզուած պատկերէն ու տիրող խանդավառութենէն յստակ կ՛երեւէր, որ անոնք եւս կը զգային «դաշնակցականացած» մթնոլորտին հարազատութիւնը…:
Թամատային դիմումով՝ ես ալ երկու խօսք ըսի, ահաւասի՛կ.
«Հայաստանի մէջ ոմանց համար, տողի տակէն քիչ մը արհամարհական երանգով, խօսքի կարգ անցած է՝ «Ինչպէս դաշնակցականները սովոր են ասել՝ պէտք է տեսլական ունենալ…»ը: Ոմանք ալ չեն վարանիր նոյնիսկ «ցնորամիտ» համարելու մեզ:
Այո՛, տեսլականով կը գործենք մենք: Մեր տեսլականներն են, որոնք երիտասարդ կը պահեն մեզ: Երիտասա՛րդն է, որ տեսլական կ՛ունենայ եւ փոխադարձաբար՝ տեսլականը երիտասարդ կը պահէ, որքան ալ յառաջանայ տարիքը ու հասնի 126 տարեկանի…:
1990ին, երբ բացայայտեցինք մեր կուսակցութեան վերընձիւղումը Հայաստանի մէջ, կը կարծէինք, կը յուսայինք, որ շուտով հայրենիքի մէջ պիտի վերածուէինք գաղափարական մեծ շարժումի: Չվերածուեցա՛նք: Մնացինք փոքր՝ մեր թիւով: Բայց առաջին օրէն իսկ չդադրեցանք հետապնդելէ մեր մեծ թիրախները, հակառակ իշխանական դիրքերէ հուժկու ընդդիմութիւններուն, մինչեւ իսկ՝ հալածանքին: Ի՞նչ էին այդ թիրախները.
ա. Ունենալ խորհրդարանական համակարգ, սահմանադրութիւն ու սահմանադրական դատարան.
բ. Երկքաղաքացիական օրէնք եւ ոչ թէ օտարերկրացիի ու հայաստանցիի անհեթեթ կարգավիճակ.
գ. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը դարձնել ՀՀի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային խնդիրներէն մէկը.
դ. Ունենալ սփիւռքեան խնդիրներու համար նախարարութիւն, եւ այլն…:
Հասա՞ծ ենք այս թիրախներուն: Այո՛: Այս կը նշանակէ, որ յաղթանակա՞ծ ենք, իրականացուցա՞ծ ենք մեր նպատակները: Անշուշտ՝ ո՛չ:
Յաղթանակած պիտի չնկատենք մենք զմեզ այնքան ատեն, որ սահմանադրական հրահանգներէն ու գիրէն անդին՝ իրակա՛ն կեանքի մէջ չի վեհապետեր լիարժէք ժողովրդավարութիւնը, երկրի հարստութեան արդար բաշխումը չ՛ապահովուիր, շուկայական յարաբերութիւնը կը գալարուի մենաշնորհներու ճանկերուն մէջ, այնքան ատեն որ անպատժելիութիւնը կը շարունակուի:
Մենք զմեզ պարտուած պիտի նկատենք, եթէ իրաւական պետութիւն չկայանայ, եթէ նոյնիսկ քաղաքական մէկ բանտարկեալ ունենայ մեր հայրենիքը եւ եթէ խօսքի ու մտածումի ազատութիւնը կաշկանդուի:
Մենք զմեզ պարտուած պիտի նկատենք, եթէ հրաժարինք մեր մեծ տեսլականէն՝ ամբողջական հայրենիքի ազատագրութեան դատէն:
Մեր կեանքի տարբեր փուլերուն յաճախ պարտութիւն կրած ենք: Պարտուած ենք, բայց չենք ընկճուած, եւ ատիկա եղած է մեր յաղթանակներուն երաշխիքը: Չընկճուի՛լ ու պատմական մեր երթը շարունակել՝ մի՛շտ յաղթելու կամքով»: