ԵՐԵՒԱՆ.– 31 Յունուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ գիտական գործընկեր կազմակերպութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ 2017ին բնաբանական պատուէրներու կատարման վերաբերեալ համաձայնագիրներու կնքման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ էր Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Մհեր Տէրտէրեան:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Յակոբեան ըսած է. «Այս բոլոր իրաւագիտական, լեզուաբանական, ցեղասպանագիտական, պատմագիտական ու սփիւռքագիտական հետազօտութիւնները, որ տեւական ժամանակ է՝ արդէն պատուիրում ենք, խիստ անհրաժեշտ են նախարարութեան ռազմավարութիւնը, Սփիւռքի համայնքների հետ ճիշդ աշխատելու մարտավարութիւնը մշակելու համար: Կարծում եմ, թեմաները ճիշդ են ընտրուած»: Նախարարը մէկ առ մէկ ներկայացուցած է պատուիրուած հետազօտութիւններուն նիւթերը՝ կարեւոր նկատելով Սփիւռք ունեցող այլ երկիրներու՝ Իրանի, Իսրայէլի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ այլն, փորձի ուսումնասիրութիւնը:
Համաձայնագիրներու կնքման արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ԳԱԱի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ԳԱԱի լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան, ԳԱԱի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախագահ Ռուբէն Մարկոսեան, Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանի փոխնախագահ Ցոլակ Ակոպեան, Հայաստանի սահմանադրական դատարանի խորհրդական Գէորգ Դանիէլեան, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար էդիկ Մինասեան, «Նորավանք» հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան, թրքագէտներ, ցեղասպանագէտներ եւ իրաւաբաններ:
Այնուհետեւ ներկաները միտքեր փոխանակած են ծրագիրի արդիւնաւէտութեան, հետազօտութիւններու անհրաժեշտութեան, անոնց արդիւնքներու կիրարկման վերաբերեալ:
Վարչապետին խորհրդականը նշած է, որ բազմակողմանի, լուրջ հետազօտութիւնները շատ կարեւոր եւ առաջնահերթ են պետական քաղաքականութեան նոր, արդիական մօտեցումներ մշակելու համար:
Նախարարը շեշտած է, որ պատուիրուած հետազօտութիւնները նոր մօտեցումներու եւ նոր հարցադրումներու առանցքն են: