ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, 28 Յունուար 2017ին, Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց Բանակի Օրը՝ հայկական յաղթական բանակի հաստատման 25ամեակը: Աաշակերտները այդ օր դպրոց եկած էին՝ հագած կանաչ տաբատներ եւ շապիկներ, ու բոլորը դարձած էին մէկական հայ զինուորներ:
Յայտագիրի առաջին բաժինը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բակը զետեղուած խաչքարին առջեւ: Վարժարանի 40 աշակերտները յարգանքի տուրք մատուցեցին զոհուած զինուորներուն, ապա տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում, իսկ խունկի բարձրացող գուլաներուն հետ պատանիները միաբերան աղօթեցին «Տէր Ողորմեա»ն եւ Տէրունական աղօթքը:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինը տեղի ունեցաւ «Տունայեանց» սրահին մէջ: Աշակերտները նախ դիտեցին Երեւանի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցած ռազմական շքերթին տեսերիզը: Փոքրիկները զարմանքով կը դիտէին, թէ ինչպէ՛ս օդուժը Եռագոյնով ներկեց հայրենի երկինքը: Անոնք նաեւ հիացումով դիտեցին «Հրացաններու պար»ը, ուր զինուորներու ընտրանի մը սպիտակ հրացաններով կը կատարէր յատուկ ցուցադրութիւն: Ապա, երկու սկաուտներ բեմի վրայ պատիւով բարձրացուցին հայկական դրօշակը, իսկ բոլոր աշակերտները միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր ու Հայաստանի օրհներգը:
Ընթացքին ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեան: Ան, հարց պատասխանի ձեւով, հայկական բանակին մասին հետաքրքրական փաստեր եւ տուեալներ փոխանցեց աշակերտներուն: Իսկ իր եզրափակիչ պատգամին մէջ, տնօրէն Տատուրեան ըսաւ. «Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր աշակերտ զինուո՛ր է: Քու զէնքը՝ քու մատիտն է, գիրքը եւ տետրակը: Քանի որ ամէն շաբաթ դուն կու գաս հայկական վարժարան, կը կարդաս հայերէն, կը գրես հայերէն, կ՛երգես, կ՛արտասանես հայերէն, ուրեմն՝ դուն պաշտպա՛նն ես մայրենիին»:
Հանդիսութեան աւարտին սրահ բերուեցաւ Բանակի Օրուան կարկանդակը, որ զարդարուած էր «Հզօր Բանակ, Հզօր Հայաստան» գրութեամբ: Կարկանդակը կտրուեցաւ՝ ուժ, կորով եւ խաղաղ ծառայութիւն մաղթելով հայրենիքը պաշտպանող զինուորներուն:
Այս խանդավառ եւ տօնական միջոցառումը յառաջիկային պիտի ունենայ իր յաջորդ հանգրուանը: Արդարեւ, աւագ դասարանի աշակերտները նամակներ պիտի գրեն սահմանապահ զինուորներուն: Նամակները՝ Հայաստանի հիւպատոսարանին միջնորդութեամբ պիտի ուղղուին զօրամասերուն:
Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը ունի կիսադարեան պատմութիւն: Անիկա Սան Կապրիէլ հովիտի հայորդիներուն կը փոխանցէ հայեցի դաստիարակութիւն: Աշակերտները, հայերէնին առընթեր, կը սորվին նաեւ հայոց պատմութիւն, մշակոյթ եւ հայկական աւանդութիւններ: