ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը՝ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական կողմի յարձակումներուն առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ 1994-1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրներու անվերապահ կատարման, ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրարկման անթոյլատրելիութեան մասին պահանջներուն, անցած գիշեր Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական կողմի ձեռնարկած յարձակման փորձը Պաքուի հերթական հարուածն է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն:
Շարունակելով բանակցային գործընթացին համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման նպատակով Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ձախողեցնելու փորձերը՝ Պաքուն միտումնաւոր կը սրէ իրավիճակը, կը դիմէ նոր սադրանքներու:
Կրկին միջազգային հանրութեան, նախ եւ առաջ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք Պաքուն սթափեցնելու, իրականութեան դաշտ բերելու խիստ անհրաժեշտութեան վրայ»: