ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ ճարտարապետներու միութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղը շրջանի մշակութային ժառանգութիւնը փրկելու կոչով դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕին:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ կոչին մէջ նշուած է, որ յատկապէս քաղաքին Սուր պատմական հատուածը ոչնչացման եզրին կը գտնուի, նաեւ յիշատակուած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ իբրեւ պահպանութեան արժանի մշակութային ժառանգութիւն ունեցող շրջան ճանչցուած Սուրի մէջ, թրքական իշխանութիւնները կը ծրագրեն փոփոխութիւններ իրականացնել՝ վտանգ սպառնալով պատմական կառոյցներուն։
Նշենք, որ շրջանին մէջ կան նաեւ հայկական եկեղեցիներ եւ այլ պատմական կառոյցներ։
Ճարտարապետներու տարածած յայտարարութեան մէջ տարօրինակ համարուած է այն իրողութիւնը, որ Սուրի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ջարդին նկատմամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕն կը շարունակէ լուռ մնալ, միաժամանակ շեշտելով, որ անմիջական միջոցառումներ պէտք է որդեգրուին՝ Սուրի պատմական շինութիւնները վերականգնելու համար:
Նշենք, որ Սուրի մէջ, 2015ի աշնան սկսած եւ մինչեւ 2016ի գարուն երկարած ժամանակահատուածին, թրքական զինեալ ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ կայացած բախումներուն իբրեւ հետեւանք՝ մեծ վնասներ կրած են հոգեւոր ու մշակութային կառոյցները, ներառեալ՝ երկու հայկական եկեղեցիներ: