ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը սկսած է: Համամասնական ընտրացուցակներու ու վարկանշային թեկնածուներու ներկայացումներ, բանավէճեր, գովազդային հոլովակներ, համացանցային վիճաբանութիւններ, ու տակաւին՝ ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ հեռարձակումներ, արդիւնքներու վիճակագրական կանխատեսումներու մեկնարկային ասուլիսներ կը կազմեն նախընտրական Հայաստանի խճանկարը:
Եւ տակաւին՝ նախընտրական ժամանակաշրջանի առաջին փուլին մէջ է մեր երկիրը: Պիտի ուզէինք շեշտել, որ այս բոլորը իրօք ազդեցութիւն ունենան իւրաքանչիւր կուսակցութեան եւ դաշինքի ձեռք բերելիք ընտրական արդիւնքներուն վրայ, որպէսզի բացառուի վարչալծակային եւ փողի միջոցով կանխորոշուած ընտրութիւններու արդիւնքը:
Միայն ընտրատեղամասերուն եւ քուէատուփերուն առջեւ կատարուելիքը չէ, որ հիմնական փոփոխութեան ենթարկուած պէտք է ըլլայ: Կան նախադրեալներ համոզուելու համար, որ ընտրութեան օրը մեր երկիրը կարեւոր յառաջընթաց պիտի արձանագրէ ընտրական մշակոյթի բիւրեղացման գործընթացին մէջ, արդար, թափանցիկ եւ համոզիչ ընտրութիւններ կազմակերպելու առումով:
Բայց ընտրութիւնը միայն քաղաքացիին կողմէ քուէն քուէատուփին մէջ նետելու արարքով չի սահմանափակուիր, որուն համար ալ ելեկտրոնային սարքեր, նկարահանման գործիքներ եւ համապատասխան արհեստագիտութիւն կը գործեն: Ընտրութիւնը մինչեւ քուէատուփ հասնիլը, նախընտրական քարոզարշաւն է, քաղաքական փլաթֆորմերու ներկայացումը, լրատուամիջոցներու կողմէ բոլորին նկատմամբ համահաւասար առիթի ընծայումը, արհեստավարժ լուսաբանումը, գաղափարական հիմքի վրայ տեղի ունենալիք բանավէճերը: Այլ խօսքով՝ քաղաքակիրթ մակարդակի վրայ ընտրական մրցակցութիւնը, որուն հիման վրայ կը կայանան ազդեցութեան գործօնները քաղաքացիին կողմէ կատարուելիք գիտակցական ընտրութեան վրայ:
Գաղափարական հիմքի վրայ կայացող բանավէճերու առաջին նմուշները ողջունելի են այս առումով. ինչ որ մինչ այժմ կը բացակայէր համապետական ընտրութիւններուն: Հասկնալի է անշուշտ, որ անոնք բացակայէին ինքնակառավարման մարմիններու յատկացուած ընտրութիւններուն, բայց ոչ՝ համապետականներուն:
Եւ գաղափարականը, այո՛, միայն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները չեն, այլ նաեւ ներհայաստանեան խնդիրները, արդար հասարակարգ կառուցելու կոչուած բոլոր առաջադրանքներու կենսագործման հրամայականները, ապահովականին առընթեր նաեւ բարոյագաղափարական անվտանգութեան բազմաթիւ խնդիրները:
Մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները, չմոռնանք սակայն, որ արդէն յաղթած է խորհրդարանական հանրապետութիւնը: Նորացուած է սահմանադրութիւնը, վերացուած է միանձնեայ լիազօրութիւններով գործելու համակարգը, իրաւականօրէն ամրագրուած են մեր երկիրը աւելի ժողովրդավարացնելու իրաւադրոյթները, ընդդիմութիւնը ստացած է որոշման գործընթացներուն մասնակցելու իր իրաւական չափաբաժինը, վերջ գտած է «յաղթողին ամէն ինչ, պարտուողին ոչին»չ քարացած կարգը, ու տակաւին՝ եռուզեռ կ՛ապրի նախընտրական դաշտը, ձեւ ու մարմին կը ստանան ընտրական դաշինքներով ընտրութիւններուն մասնակցելու գաղափարները, կը ծաւալի գաղափարական քաղաքակիրթ բանավէճը:
Այս առաջադրանքները յաղթած են արդէն: Այս առաջադրանքները երկար ատենէ ի վեր եղած են Դաշնակցութեան քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմող սկզբունքային մօտեցումներ, որոնք փուլ առ փուլ առարկայացած են: Այս բոլորը Դաշնակցութիւնը յաջողած է իրականութեան վերածել յաճախ առանց իշխանութեան մասնակցելու, մասնակցած ատեն ալ առանց լիարժէք իշխանութիւնը ստանձնելու:
Հիմա պէտք է մտածել, որ գաղափարական այս յաղթանակները որքա՛ն աւելի ձեւ ու մարմին կը ստանան, եթէ խորհրդարանական հանրապետութեան առաջին խորհրդարանին մէջ Դաշնակցութիւնը յաջողի մուտք գործել մեծ դռնէն իր յաղթանակած գաղափարներու յաղթանակին համարժէք քանակով, համեմատութեամբ, վարկանիշով:
Ահա թէ ինչո՛ւ որակին առընթեր նաեւ քանակը պէտք է ապահովուի, որպէսզի լիարժէք կայանայ Նոր Սկիզբը, Արդար Հայաստանը: