ԵՐԵՒԱՆ.- «Վիւասել»ի ֆինանսաւորումով եւ Հայաստանի «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնին կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրին շնորհիւ 5 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ լուծուած է 135 ընտանիքի բնակարանային հարցերը: Այդ նպատակին յատկացուած է աւելի քան 333 միլիոն դրամ:
Ծրագիրի վերջին փուլով, Արագածոտնի մէջ աւարտած է 4 կիսակառոյց բնակարաններու շինարարութիւնը, եւ հիմնովին փոխուած է մէկ բնակարանի տանիք: