ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Սալորենին ծառերու յիմարագո՛յնն է: Բոլորէն առաջ կը խաբուի Մարտի կեղծ գարունով: Խաբուսիկ արեւը տեսնելով՝ իսկո՛յն կը ծաղկի: Սպիտակ ուրախութիւն մը կը պարգեւէ շուրջ-բոլորին: Պատահական անցորդները կը հրապուրուին ծաղկած սալորենիի գեղեցկութեամբ: Կը հրճուին, ուրախութեամբ կը լեցուին: Անցած են ձմրան մռայլ օրերը: Շուտով կը հասնի գարունը, բնութիւնը կը վերակենդանանայ, ծառ ու ծաղիկ կը դալարին: Նոյնիսկ պեթոնապատ մեծ քաղաքներու մէջ, այգիի փոքրիկ շերտ մ՛իսկ բաւարար է՝ այս գարնանամուտի ուրախութենէն բաժին մը ստանալու:
Համատարած այս երեւոյթին դիմաց միա՛յն պարտիզպանը չ՛աճապարեր, այլ համբերութեամբ կը սպասէ այս խաբուսիկ օրերուն ժամ առաջ անցնելուն: Կեանքի փորձառութեամբ գիտէ, թէ այս ամսուան արեւը, արեգակը կե՛ղծ է: Այսօր թէ վաղը, այդ պայծառ եղանակը կը փոխուի, բուքն ու քամին կիսով կը թափեն միամիտ սալորենիին կանխահաս ծաղիկները: Ծաղիկներ, որոնք եթէ այսքան չաճապարէին, պիտի պտղաբերէին այդ նոյն ճոխութեամբ:
Շահեկան է մարդու եւ բնութեան յարաբերութիւնը: Գարնան առաջին շողերը տեսնելով ծաղկող սալորենիին նման, նորայայտ երեւոյթներու դիմաց իսկո՛յն շարժման անցնող մարդոց համար հնարուած է՝ «Առանց գետը տեսնելու՝ շալվարդ մի՛ սոթտեր» ասացուածքը:
Թուրքիոյ պատմութեան վերջին 15 տարիները դրոշմուած են Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան եւ յատկապէս անոր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի իշխանութեամբ: Հանրապետական Թուրքիոյ 94ամեայ պատմութեան մէջ խի՛ստ կարեւոր անկիւնադարձ մըն է Էրտողանի գլխաւորած շարժումին իշխանութիւն հաստատելը: Առաջին անգամ ըլլալով, երկրի հիմնադիր մտայնութեան հակասող քաղաքական շարժում մը, ժողովուրդին ձայներով իր կամքը կը պարտադրէր երիտթրքական-քեմալական ազգային գաղափարախօսութեան դէմ: Էրտողան իր իշխանութիւնը ամրացնելու համար լաւագոյնս օգտուեցաւ ժողովրդավար սկզ-բունքներէն: Իր պատգամներով, երկրէն ներս ան սիրաշահեցաւ ա-զատամիտ-լիպերալները, հարստութիւն դիզած բայց համապատասխան փառք ու պատիւի չարժանացած նորահաս հարուստները, նախապէս չարաչար շահագործուած քրիստոնեայ կամ հրեայ փոքրամասնութիւնները եւ ժողովուրդի բաւական լայն մէկ շերտը: Երկրէն դուրս, Եւրոմիութեան անդամակցելու հեռանկարով՝ արեւմտեան քաղաքական շրջանակները եւս զօրակցեցան այս նոր շարժումին: Իրենց դիմաց արմատական Իսլամի փոխարէն՝ այլընտրանք մը, հաշտուելու արժանի կաղապար մը գտած ըլլալ կը կարծէին: Անոնք կ՛անտեսէին Էրտողանի՝ «Ժողովրդավարութիւնը մեզի համար հանրակառք մըն է, տեղ հասնելով՝ կ՛իջնենք» խոստովանութիւնը:
Մեր ընկերական շրջանակին մէջ Սարգի՛սն էր, որ յաճախ կը զգուշացնէր՝ «Այսօր 1908ի սահմանադրութեան պայմանները կ՛ապրինք, սպասենք ու տեսնենք, թէ 1915ի դարադարձին ինչե՜ր կը սպասեն մեզի» ըսելով: Իրա՛ւ ալ, դարադարձի Յունիսի եօթին կայացած ընտրութիւններէն ետք, Էրտողանի կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կորսնցուց առանձինն կառավարութիւն կազմելու իրաւունքը: Այդ թուականէն սկսեալ, երկիրը ինկած է ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի ճիրաններուն մէջ: Նախագահը, իր իշխանութիւնը շարունակելու համար, երկիրը մխրճած է փորձանքաբեր արկածախնդրութիւններու շեմին:
Իսկ Պատրիարքարանի պատմական կամարներուն տակ, հոգեւորականաց դասը երկար տարիներով ենթարկուած ճնշումէն ձերբազատուելով՝ կանխահաս ուրախութեամբ կ՛ողջունէր ժողովուրդին ձայնակցելու կամքը: Օլէ՜ ուրախ բացագանչութիւնները յանկարծ սմքեցան՝ կատարուած ընտրութիւնը չեղեալ համարող պաշտօնական գրութեան մը յայտնութեամբ:
Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ օսմանեան խաղերը անսպառ են, դաւադրութիւնը՝ անվե՛րջ:
Բայց անվերջ ու անսպառ է նաեւ գիտակցութիւնը շահած ժողովուրդին կա՛մքը: Հաստատ համոզումով կրկնենք, որ վերջին հաշուով՝ այդ կա՛մքն է յաղթական: