ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպութեամբ, միջդպրոցական ասմունքի մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 11ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, ապացուցելով, թէ մայրենիին հետ պատանի սերունդին մտերմութեան մէջ արտասանութիւնը ինչպիսի՛ բարերար ու անփոխարինելի դեր ունի:
Հայկական վարժարաններու աշակերտութեան միջեւ ասմունքի սոյն մրցումը կը կազմակերպուէր յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով եւ, մասնակիցներուն թէ ներկաներուն վկայութեամբ՝ անիկա տարուէ տարի բարելաւում կարձանագրէ տարբեր գիծերու վրայ: Այս տարուան մրցումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 48 աշակերտներու, որոնք կու գային Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան միջնակարգ, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս, Մեսրոպեան ու Ֆերահեան երկրորդական վարժարաններէն, Ազգ. Մարի Գապայեան նախակրթարանէն, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան ու Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրդ. վարժարաններէն, Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարաններէն: Հրաւիրուած կարգ մը վարժարաններ մասնակցութիւն չկրցան բերել, որովհետեւ պետական քննութիւններու հետ խաչաձեւում ստեղծուած էր:
Մրցումը նուիրուած էր Արցախի անկախութեան 25րդ տարեդարձին. անիկա տեղի ունեցաւ երեք խմբակներու միջեւ. առաջին խմբակին մաս կը կազմէին 4րդ եւ 5րդ դասարաններու աշակերտներ, երկրորդ խմբակին՝ 6էն 8րդ, իսկ երրորդ խմբակին՝ 9էն 12րդ կարգի աշակերտներ:
Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայ էին Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն Ալեք Պաղտասարեան, Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Լիզա Կապուտեան եւ անդամներ Լենա Գորթոշեան ու Վալենթինա Օկարեան, նաեւ՝ դաստիարակներ, ծնողներ եւ նկատառելի թիւով հանդիսականներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գորթոշեան, որ հրաւիրեց Նարեկ Ա. քահանան՝ կատարելու համար բացման աղօթքը: Տէր հայրը նաեւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին ողջոյնները եւ յաջողութեան մաղթանքները:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիզա Կապուտեան. ան վեր առաւ նման մրցումներու բարերար դերակատարութիւնը՝ հայ մանուկի ու պատանիի կեանքին մէջ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ամէնուր մտահոգութիւն կ՛արձանագրուի հայերէնի նահանջին մասին: Ան մասնաւորապէս շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութիւնը կը վստահին հայ դպրոցին:
Հիւրընկալ վարժարանին կողմէ բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի ուսուցիչներէն Վահան Մեհրապեան:
Յայտագիրը վարեց Միհրան Թումաճեան, որ այս նախաձեռնութեան առաջին օրէն իսկ քայլ պահած է կազմակերպչական աշխատանքներուն հետ եւ կարեւոր ներդրում ունեցած՝ ձեռնարկին իրականացման գծով: Ան ծանօթացուց դատական կազմի անդամները՝ Թագուհի Արզումանեան, Գրիգոր Օկարեան, Մարալ Վարժապետեան, Սայաթ Պապումեան եւ տոքթ. Մանուկ Սէրայտարեան:
Մրցումը շարունակուեցաւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:30: Մասնակցող աշակերտները իբրեւ նուէր ստացան «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ» գրախանութներուն կողմէ տրամադրուած որմազդներ, որոնք կը ներկայացնեն պատմական Հայաստանի քարտէսն ու Սայաթ Նովայի պատկերը: Խնամակալ մարմինը, իր կարգին, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն նուիրեց Արցախը խորհրդանշող գլխարկներ:
Յիշեցնենք, որ այս մրցումներուն զօրակից է «Շուշի Փլազա» հաստատութիւնը, որ մրցանակ շահողներուն առիթ կ՛ընծայէ մասնակցիլ Շուշիի մէջ ամրան ընթացքին տեղի ունեցող համագաղութային ասմունքի մրցումին:
Ներկաներուն եւ դատական կազմի անդամներուն վկայութեամբ, բոլոր աշակերտներն ալ ունեցան գեղեցիկ ելոյթներ, եւ մրցակցութիւնը ուժեղ էր: Վստահաբար, դատական կազմը դժուարութեան պիտի հան-դիպի մրցանակակիրները որոշելու համար, սակայն մէկ բան յստակ էր. բոլո՛ր մասնակիցները արժանի են մրցանակի, իսկ մեծագոյն յաղթականը՝ Հայ բանաստեղծութիւնն է եւ մեր մանուկներու ու պատանիներու շուրթերուն վերապրող մեր մեծ գրողները:
Մրցանակաբաշխումի հանդէսին մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին յետագային: