ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանին կողմէ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ներդրումները ետ քաշելու ուղղութեամբ՝ Համահայկական ուսանողներու միութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) միացեալ նախաձեռնութիւնը թեւակոխած է իր վերջին փուլը։
Արշաւը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու կամ հոն ներդրումներ կատարելը տարհամոզելու ընդհանուր արշաւին՝ «#DivestTurkey»ին։
Այս հանգրուանին, արշաւի ներկայացուցիչները խորհրդակցութեանց մէջ պիտի մտնեն համալսարանի հոգաբարձական կազմին հետ, շեշտելու համար, թէ որքա՛ն կարեւոր է ետ քաշել Թուրքիոյ մէջ համալսարանին ներդրումները, որոնց արժէքը մօտաւորապէս 74 միլիոն տոլար է:
Այս նպատակով, ամիսներէ ի վեր ուսումնասիրութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին նաեւ շարք մը ուսանողական, ազգային եւ քաղաքական կազմակերպութեանց հետ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ սոյն աշխատանքին։
2015ին ընթացք առած այս արշաւին ջանքերով, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Պըրքլիի, Տէյվիսի, Սանթա Քրուզի, Ռիվըրսայտի, Սան Տիէկոյի, Մըրսետի եւ Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղերու ուսանողական կառավարութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն մօտաւորապէս 238,000 ուսանող, արդէն իսկ վաւերացուցած են բանաձեւեր, որոնք կոչ կ՛ընեն համալսարանին՝ Թուրքիայէն ետ քաշելու իր ներդրումները։
Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել divestment@AYFWest.org հասցէին: