ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Չորեքշաբթի, 22 Մարտին, Շահումեանի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Հաց բերող»ին՝ Արթուր Սարգսեանի, թաղման արարողութիւնը: Արթուրին դագաղը սգոյ սրահէն դուրս բերուեցաւ ծափերու ուղեկցուցեամբ:
Յուղարկաւորութեան թափօրը ապա շարժեցաւ դէպի Շահումեանի գերեզմանատուն: